Կարեւոր Տօներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աշխարհին վրայ բազմաթիւ երկիրներ տօնեցին կամ պիտի տօնեն Ս. Ծնունդը: Այս տօնը շատ կարեւոր եւ մեծ տօն մըն է քրիստոնեայ ժողովուրդներուն համար: Նոյն ձեւով կան ուրիշ կրօնքի վերաբերեալ մեծ տօներ, զորս տարբեր երկիրներ կը տօնեն տարբեր ծէսերով եւ ձեւերով:

doner-2

doner-1

 

 

 

 

 

 

 

 

● Քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ Ծնունդի շրջանին յաճախ ներկայ կը գտնուինք Յիսուսի ծնունդը պատմող բազմաթիւ ներկայացումներու: Այս սովորութիւնը եկած է միջին դարերէն: Մեքսիքայի մէջ կը կազմակերպուին Փօսատաներ: Սպանիոյ մէջ ծնունդ առած այս տօնակատարութիւնը տարածուած է Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ: Հոն Ծնունդի պատմութիւնը կը սկսի 16 դեկտեմբերին: Մինչեւ 24 դեկտեմբեր ինը ընտանիքներ կը վերամարմնաւորեն Յովսէփի եւ Մարիամի Աստուածածնի ճամբորդութիւնը մինչեւ Բեթղեհէմ: Առաջին ընտանիքը կ՛երթայ նշանաւոր ճամբորդները բերելու եկեղեցիէն եւ զանոնք կը դնէ պատգարակի մը վրայ: Ութը օրերու ընթացքին իւրաքանչիւր ընտանիք, իր կարգին, զանոնք իր տան մէջ կ՛ընդունի մինչեւ կարգը հասնի վերջին ընտանիքին, որ 24 դեկտեմբերին կ՛երթայ զանոնք զետեղելու եկեղեցիին մէջ` Յիսուս մանուկին կողքին:

doner-3

doner-4

 

 

 

 

 

 

● Փոքրիկ Քրիշնայի տարեդարձը Հնդկաստանի մէջ: Հինտու փոքր տղայ մը կը խաղայ ծնող Քրիշնայի դերը Ժանմաշթամի տօնին ընթացքին` օգոստոս ամսուան վերջաւորութեան: Քրիշնա բարձրագոյն աստուած Վիշնուի ութերորդ մարմնացումն է: Սկզբունքով ան ծնած է Ք. Ա. 3228 թուականին: Ան Հնդկաստանի ամէնէն աւելի մեծարուած աստուածն է:

● Թայլանտի մէջ պզտիկ աղօթք մը ջրցանէն առաջ: Այս փոքր աշակերտուհիները կ՛երթան պուտտայական տաճարի մը մէջ աղօթելու եւ նուիրատուութիւններ ընելու` Սոնկքրան տօնէն առաջ: Սոնկքրանը Թայլանտի աւանդական Նոր տարին է, որ կը տօնուի 12-15 ապրիլին: Ըստ աւանդութեան նաեւ, տաճար երթալէ ետք մարդիկ իրարու վրայ ջուր կը թափեն փողոցներուն մէջ:

 

Հարիւր Առ Հարիւր Տուրմ

dourmՏուրմը գրեթէ մեր բոլոր տօներուն մնայուն ընկերակիցն է: Ահա անոր մասին քանի մը հետաքրքրական թիւեր:

● Ք. Ա. 3000 թուական – Այդ ժամանակաշրջանին մայաները կը սկսին բանալ քաքաոյի ծառին վրայի պտուղները եւ անոնց մէջէն հանելու քաքաոյի հատիկները: Անոնք այս հատիկները կը գործածեն նոյնիսկ իբրեւ դրամ

● 1519 թուականին – Սպանացի նուաճողները Մեքսիքա կը հասնին: Իբրեւ բարի գալուստ Մոնթէզումա ազթէք թագաւորը անոնց պետին` Քորթէսին կը հրամցնէ խմիչք մը, որ կը կոչուի «քսոքուաթի»: Այս ձեւով սպանացին կը ծանօթանայ… տուրմին: Սակայն եթէ դուն այդ ժամանակուան տուրմը համտեսէիր, բնաւ «հ՜մմ, համով է» պիտի չըսէիր, որովհետեւ այդ խառնուրդին մէջ պղպեղ կար: Անոր համը մեղմացնելու համար եւրոպացիները պղպեղը փոխարինեցին շաքարով:

● 1615 թուականին – Այս թուականին Աւստրիոյ Անն իշխանուհին կ՛ամուսնանայ ֆրանսայի Լուի 13-րդի հետ եւ անոր կը փոխանցէ իր տուրմի սէրը: Տուրմին նորոյթը կը տարածուի. արքունիքը անմիջապէս կ՛որդեգրէ տուրմ խմելու սովորութիւնը:

● 1824 թուականին – Կը շինուի աշխարհի առաջին տուրմի գործարանը` Մընիէ գործարանը, որ կը գտնուի Ֆրանսայի Նուազիէլ քաղաքին մէջ: Այս գործարանը կը զբաղի մինչեւ 1990-ական թուականները:

Քանի Մը Թիւեր

● 32 աստիճան – Այս աստիճան տաքութեան վրայ պէտք է պահել տուրմը, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն օգտագործել: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ եթէ տաքութիւնը շատ նուազի, տուրմը կը բիւրեղանայ: Հետեւաբար անկարելի կ՛ըլլայ զայն լաւ խառնելը:

● 30 հատ – Քաքաոյի իւրաքանչիւր պտուղի մէջ միջին հաշուով 30 հատիկ գոյութիւն ունի:

● 25 հատ – Քաքաոյի ծառ մը տարեկան միջին հաշուով 25 պտուղ կ՛արտադրէ: Ասոնք հազիւ 1 կամ 2 քիլօ քաքաոյի հատիկներ կու տան, այսինքն մօտաւորապէս 20 քառանկիւն տուրմի կտոր: Այս պատճառով է, որ տուրմը կը կոչուի «սրճագոյն ոսկի»:

● 3,5 միլիոն – Ամէն տարի աշխարհին մէջ կ՛արտադրուի 3,5 միլիոն թոն տուրմ: Իսկ միայն Կաղանդի շրջանին կը ծախուի 34,000 թոն. այսինքն` ամբողջ տարուան արտադրութեան 10  առ հարիւրը:

● 95 քիլօ – Աշխարհին մէջ ամէն երկվայրկեանին կ՛ուտուի 95 քիլօ տուրմ. այսինքն` տարեկան 3 միլիոն թոն:

● 49 – Տուրմի համաշխարհային մայրաքաղաքը Պրիւժն է, Պելճիքայի մէջ: Հոն գոյութիւն ունին 49 տուրմի խանութներ, ինչպէս նաեւ տուրմի թանգարան մը, «Շոքօ-սթորի», տուրմի եղանակ մը եւ «տուրմի պտոյտներ»:

● 4 թոն – Աշխարհի մէջ շինուած տուրմի ամէնէն մեծ կտորը 4 թոն կը կշռէ: Անոր չափերը մօտաւորապէս 6 մեթրով 3 մեթր են: Ան շինուած է հայկական գործարանի մը կողմէ եւ արձանագրուած է Կինէսի  մրցանիշերու գիրքին մէջ:

 

Խոհագիր

Տօնական Անուշեղէններ

Օգտուինք այս տօնական արձակուրդի վերջին օրերէն` փորձելու եւ համտեսելու այս նոր անուշեղէնները:

Ա.- Անապատի վարդ

Պէտք ունիս (6 հոգիի համար) – 200 կրամ տուրմի, 1 ապուրի դգալ ջուրի, 80 կրամ քորն ֆլէյքսի:

Պատրաստութիւն –

 2) Քորն ֆլէյքսի կտորները աւելցուր տուրմին վրայ: Զգուշութեամբ դգալով խառնէ:

2) Քորն ֆլէյքսի կտորները աւելցուր տուրմին վրայ: Զգուշութեամբ դգալով խառնէ:

1) Տուրմը պզտիկ կտորներու վերածէ եւ զանոնք զետեղէ կաթսայի մը մէջ: Չափահասէ մը խնդրէ, որ ան տուրմը հալեցնէ մէկ դգալ ջուրով` մեղմ կրակի վրայ: Դգալով մը խառնէ, ապա կաթսան կրակին վրայէն հանէ:

1) Տուրմը պզտիկ կտորներու վերածէ եւ զանոնք զետեղէ կաթսայի մը մէջ: Չափահասէ մը խնդրէ, որ ան տուրմը հալեցնէ մէկ դգալ ջուրով` մեղմ կրակի վրայ: Դգալով մը խառնէ, ապա կաթսան կրակին վրայէն հանէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4) Երկու թէյի դգալներու միջոցով քորն ֆլէյքսով տուրմի պզտիկ կոյտեր զետեղէ թուղթին վրայ:

4) Երկու թէյի դգալներու միջոցով քորն ֆլէյքսով տուրմի պզտիկ կոյտեր զետեղէ թուղթին վրայ:

 3) Տափակ պնակ մը ծածկէ փուռի յատուկ թուղթով մը (փափիէ սուլֆիւրիզէ:

3) Տափակ պնակ մը ծածկէ փուռի յատուկ թուղթով մը (փափիէ սուլֆիւրիզէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս համով «վարդերը» կրնաս շինել նաեւ կաթով տուրմով կամ ճերմակ տուրմով:

Այս համով «վարդերը» կրնաս շինել նաեւ կաթով տուրմով կամ ճերմակ տուրմով:

5) Պնակը 1 ժամ դիր սառնարանին մէջ:

5) Պնակը 1 ժամ դիր սառնարանին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բ.- Քուրապիէտ, Կաղանդի
յունական պիսքուի

Պէտք ունիս (6 հոգիի համար, մօտաւորապէս 25 պիսքուի) – 150 կրամ շաքար, 250 կրամ կակուղ կարագ, քիչ մը վանիլ, 1 սուրճի դգալ պէյքինկ փաուտըր, 2 հաւկիթի դեղնուց, 300 կրամ ալիւր, 150 կրամ մանր կտրտուած նուշ, ծաղիկի ջուր, փոշի շաքար:

Պատրաստութիւն – 

2) Կամաց-կամաց աւելցուր ալիւրը` մատներովդ խառնելով: Ապա աւելցուր պէյքինկ փաուտըրը  եւ նուշերը. ձեռքով շաղէ մինչեւ լաւ խառնուած խմոր մը ստանաս.

2) Կամաց-կամաց աւելցուր ալիւրը` մատներովդ խառնելով: Ապա աւելցուր պէյքինկ փաուտըրը եւ նուշերը. ձեռքով շաղէ մինչեւ լաւ խառնուած խմոր մը ստանաս.

1) Իրարու հետ խառնէ կակուղցուած կարագը, շաքարը եւ վանիլը պատառաքաղով մը ճզմէ մինչեւ ճերմակ խմոր մը ստանաս: Հաւկիթի դեղնուցները աւելցուր եւ շարունակէ խառնել:

1) Իրարու հետ խառնէ կակուղցուած կարագը, շաքարը եւ վանիլը պատառաքաղով մը ճզմէ մինչեւ ճերմակ խմոր մը ստանաս: Հաւկիթի դեղնուցները աւելցուր եւ շարունակէ խառնել:

 

 

 

 

 

 

 

 

4) Ափերովդ խմորին երկար գաւազանի ձեւ տո՛ւր: Խմորը կտրէ 5 սմ հաստութեամբ կտորներու:

4) Ափերովդ խմորին երկար գաւազանի ձեւ տո՛ւր: Խմորը կտրէ 5 սմ հաստութեամբ կտորներու:

3) Խմորը գունդի մը վերածէ եւ ձգէ, որ ան հանգչի 30 վայրկեան: Չափահասէ մը խնդրէ, որ փուռը վարէ 180 աստիճան տաքութեամբ:

3) Խմորը գունդի մը վերածէ եւ ձգէ, որ ան հանգչի 30 վայրկեան: Չափահասէ մը խնդրէ, որ փուռը վարէ 180 աստիճան տաքութեամբ:

 

 

 

 

 

 

 

 

6) Փուռի յատուկ ափսէին վրայ փուռի յատուկ թուղթ դիր (փափիէ սուլֆիւրիզէ) եւ անոր վրայ շարէ պիսքուիները: Չափահասէ մը խնդրէ, որ զայն եփէ 15-20 վայրկեան: Պիսքուիները թեթեւօրէն պէտք է կարմրին:

6) Փուռի յատուկ ափսէին վրայ փուռի յատուկ թուղթ դիր (փափիէ սուլֆիւրիզէ) եւ անոր վրայ շարէ պիսքուիները: Չափահասէ մը խնդրէ, որ զայն եփէ 15-20 վայրկեան: Պիսքուիները թեթեւօրէն պէտք է կարմրին:

5) Մատներովդ ոլորելով խմորի կտորներուն տո՛ւր տարբեր ձեւեր` քիչ մը ճզմուած գնդիկ, կիսալուսին, շեղանկիւն:

5) Մատներովդ ոլորելով խմորի կտորներուն տո՛ւր տարբեր ձեւեր` քիչ մը ճզմուած գնդիկ, կիսալուսին, շեղանկիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երբ անոնք չորնան, անոնց վրայ փոշի շաքար սրսկէ: Կրնաս նաեւ խմորը գլանով մը տափակցնել, վրան քիչ մը ալիւր սրսկելով, ապա օգտագործել տարբեր կաղապարներ եւ ձեւեր տալու համար:

Երբ անոնք չորնան, անոնց վրայ փոշի շաքար սրսկէ: Կրնաս նաեւ խմորը գլանով մը տափակցնել, վրան քիչ մը ալիւր սրսկելով, ապա օգտագործել տարբեր կաղապարներ եւ ձեւեր տալու համար:

7) Ձգէ, որ պաղին: Ապա պզտիկ դգալով մը իւրաքանչիւրին վրայ քիչ մը ծաղիկի ջուր դիր:

7) Ձգէ, որ պաղին: Ապա պզտիկ դգալով մը իւրաքանչիւրին վրայ քիչ մը ծաղիկի ջուր դիր:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել Կաղանդ պապային հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել Կաղանդ պապային համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գտնուող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գտնուող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր լապտերը:

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր լապտերը:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )