Թիակօ Սիլվա` Եւրոպայի Մէջ Հանդէս Եկող Լաւագոյն Պրազիլցին

thiago-silvaՊրազիլական Sambafoot.com կայքէջէն կատարած հարցախոյզին արդիւնքներուն հիմամբ, Եւրոպայի մէջ հանդէս եկող պրազիլցի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Թիակօ Սիլվա, որուն ի նպաստ քուէարկած են հարցախոյզին մասնակցողներուն 24,19 առ հարիւրը:

Երկրորդը Պայէրն Միւնիխի յետսապահ Տանթէն է (14,63), իսկ լաւագոյն եռեակը եզրափակեց Չելսիի միջնապահ Օսքարը (8,2):

ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ «Սամպա կոլտ» մրցանակը Սիլվա կը ստանայ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով:

Share this Article
CATEGORIES