Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան Տիրացաւ Կրոնինկընի Բաց Մրցաշարքի Տիտղոսին

Զաւէն Անդրէասեան (աջէն` երկրորդը)

Զաւէն Անդրէասեան (աջէն` երկրորդը)

21-30 դեկտեմբեր 2013-ին աւարտեցաւ ճատրակի Կրոնինկընի (Հոլանտա) բաց մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 103 ճատրակ խաղացողներ:

Հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:

Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Էրվին Լ՛ամի եւ Պենճամին Պոք, որոնք ապահովեցին նոյնքան կէտ:

Տիգրան Սիմոնեան 6 կէտ ապահովելով գրաւեց 12-րդ դիրքը, իսկ Էլինա Դանիէլեան 5,5 կէտով` 26-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES