Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Շնորհաւոր Ամանոր… Եւ 115-ամեայ Աւանդ

Տօնական են օրերը:

Նաեւ` «Հայրենիք»-ի երդիքին տակ:

Արդարեւ, քանի մը օրէն «Հայրենիք»-ը պիտի թեւակոխէ 115-ամեայ տարեշրջանը:

…Եւ այս առթիւ, տարեշրջանի ընթացքին, աւանդապահին տարեդարձը պիտի

նշուի բազմաթիւ առիթներով, շրջանի զանազան գաղթօճախներուն մէջ:

Դժուար է հաւատալ, թէ ցայսօր, հակառակ բազմաթիւ արգելքներու, կը հրապարակուի մեսրոպաշունչ թերթը, իր ելեկտրական կայքէջային տարբերակին կողքին: Առ այդ…երէկ, նաեւ այսօր եւ յատկապէս վաղը, կարելի չէ հրաժարիլ այս կառոյցի գոյութենէն:

Տեղին է նշել, թէ ներկայ օրերուն դիւցազնական նախաձեռնութիւն է հայերէն թերթ լոյս ընծայելը: Սակայն, ազգային գոյատեւման առաքելութեան մէջ, հայերէն թերթը կարեւոր ազդակ մըն է այնքան, որքան դպրոցն ու ծուխը, ի խնդիր ձուլման սպառնալիքի տակ գտնուող եւ օտարութեան մէջ կորսուող գաղութին:

Թէ՛ հրապարակուած օրինակով, եւ թէ կայքէջային դրութեամբ աշխատանք կայ կատարելիք:

Մամուլն ու իր ոլորտը նկատի ունենալով կիզակէտ, առաջին հերթին, նկատի կ՛ունենաք հաղորդակցութիւնը, որ ինքնին, հակառակ ներկայ արդիականացած միջոցներուն, շարունակ կապուած ու կառչած է լեզուին:

Սփիւռքահայ այլ թերթերու նման,

«Հայրենիք»-ին պարտականութիւնն է շրջանի գաղթօճախներուն շահերը պաշտպանել, Հայ դատի աշխատանքներու գծով իր քարոզչական աշխատանքը կատարել, Արցախի, Ջաւախքի, Հայաստանի (… նաեւ Արեւմտահայաստանի) եւ հայութեան ապահովութեան սատարելու եւ անշուշտ ամէնէն էականն ու դժուարը` ապագայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղիլ:

Տեղին է նշել, թէ այսօր պայմանները փոխուած են: Փոխուած են նաեւ առաջնահերթութիւններն ու կարիքները, նոյնիսկ մօտեցումներն ու հայեացքները, սակայն հայ մամուլին աշխատանքն ու ստանձնած պարտականութիւնը կը մնան անփոփոխ:

…Եւ դեռ աւելին, հայ թերթը դաստիարակի, ուղեցոյց տուող առաջնորդի դերն է, որ ստանձնած է եւ պիտի շարունակէ ստանձնել:

Հուսկ…Տօնական օրերուն առթիւ, Շնորհաւոր Ամանոր… եւ 115-ամեայ աւանդ:

26 դեկտեմբեր 2013

Share this Article
CATEGORIES