Ըստ «Մարքա»-ի. Ռոնալտօ` 2013 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

cristiano_ronaldoՍպանական «Մարքա» պարբերաթերթը ամփոփեց արդիւնքները տարուան լաւագոյն մարզիկի քուէարկութեան, որուն մասնակցեցան թերթին ընթերցողները:

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ի նպաստ քուէարկեցին ընթերցողներուն 24,5 առ հարիւրը: Երկրորդը «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեան Սեպասթիան Վեթելն է (21 առ հարիւր): Իսկ երրորդը` Մայեմի Հիթի պասքեթպոլիստ Լեպրըն Ճէյմսը (16 առ հարիւր):

Նշենք, որ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, ստանալով 9 առ հարիւր, գրաւեց 5-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES