Տէր Եւ Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեան 200.000 Տոլար Կը Նուիրեն Կաթողիկոսարանի Ծրագիրներուն
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով, գնահատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի փափաքին, լիբանանահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Յակոբ Չիլինկիրեան երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Սոյն գումարի 100.000 տոլարը պիտի յատկացուի իբրեւ հիմնադրամ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին առնչուած ծրագիրներուն` վերջինիս հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով, իսկ 100.000 տոլարը` կաթողիկոսարանի տեղեկատուական գրասենեակի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի բաժանմունքի նոր սարքաւորումներու գնման:
CATEGORIES Գաղութային

