Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կը Սկսին «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումները
Այսօր` շաբաթ, 4 յունուար 2014-ին, կը սկսին Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները:
Առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ Պէյրութի դրամատունը եւ լիբանանեան բանակը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի համալիրին մէջ:
Իսկ երկրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ, որ դարձեալ պիտի սկսի միեւնոյն ժամուն, իրարու դէմ պիտի հանէ Սատաքան եւ Ղըպէյրին:
Նշենք, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Ախոյեան կը հանդիսանայ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրողը:
CATEGORIES Մարզական

