Փութին Ստորագրած Է Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Հետ Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիրը

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ առեւտրական համաձայնութիւնը վաւերացնելու օրէնքը:

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նշեալ համաձայնագիրով ապրանքներու ներածման համար մաքսատուրքէն ազատ դրութիւն կը հաստատուի:

Բացի ատկէ, մաքսային հարկեր պիտի չպարտադրուին սահմանափակ ծաւալով պենզինի եւ մազութի համար. Աբխազիոյ տարածքին մէջ այդ ծաւալը ճշդուած է տարեկան մինչեւ 50 հազար թոն` համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելէն ետք, առաջին տարուան ընթացքին:

Հարաւային Օսեթիոյ մէջ հարկերը պենզինի եւ մազութի վրայ պիտի չտարածուին` տարեկան մինչեւ 35 թոնի համար:

Share this Article
CATEGORIES