Ֆրանսական Լրատուամիջոցները Կը Քննարկեն Սարքոզիի Քաղաքական Բեմ Վերադարձը

Նիքոլա Սարքոզի

Նիքոլա Սարքոզի

Ռուսական «Առ.պի.սի.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին այս տարի կրնայ վերադառնալ քաղաքական բեմ: Ֆրանսական լրատուամիջոցները կը հետաքրքրուին քաղաքական գործիչին վերջին արտայայտութիւններով եւ աշխուժ կերպով կը շահարկեն այդ նիւթը:

«Ես չեմ կրնար չվերադառնալ քաղաքականութիւն: Ես ընտրութիւն չունիմ: Ատիկա անհրաժեշտ է», ըսած էր նախկին նախագահը դեկտեմբերի սկիզբը: Սակայն անոր մամլոյ բանբերը հերքած էր այդ յայտարարութիւնը:

Ըստ մամլոյ ծառայութեան պաշտօնական տուեալներուն, Սարքոզի տակաւին քաղաքական բեմ վերադառնալու համար քայլերու չի ձեռնարկեր:

Share this Article
CATEGORIES