«Իսրայէլը Իբրեւ Հրէական Պետութիւն Չենք Կրնար Ընդունիլ» Ըսաւ Օրէյքաթ

Սայէպ Օրէյքաթ

Սայէպ Օրէյքաթ

Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ «Իսրայէլը իբրեւ հրէական պետութիւն չենք կրնար ընդունիլ, չենք կրնար ընդունիլ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան որեւէ պետութիւն, որ առանց Երուսաղէմի է, ինչպէս նաեւ փուլային հեռացման ամբողջացումէն ետք պիտի չընդունինք պաղեստինեան պետութեան տարածքին վրայ, ըլլայ ցամաքի, ծովու, օդի կամ անցքերու վրայ որեւէ իսրայէլացի»:

Ան շեշտեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը չի կրնար ընդունիլ որեւէ լուծում, որ չի ներառեր ՄԱԿ-ի թիւ 194 բանաձեւին հիմամբ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի եւ փոխհատուցման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան ստորագրման պարագային արգելափակեալներուն ազատ արձակումը, «եւ այս է պաղեստինեան կեցուածքը»:

Օրէյքաթ ըսաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի նամակը խաղաղութեան հոլովոյթի հիմքն է: Ան նշեց, որ հակառակ ուրիշներու պնդումներուն, բանակցութիւններուն տեւողութիւնը ինը ամիս է, նպատակը` վերջնական կարգավիճակի բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւնը իսկ ինը ամիսէն ետք բանակցութեանց նոյնիսկ մէկ վայրկեանով երկարաձգումը անկարելի է:

Share this Article
CATEGORIES