Եւրոպական Միութիւնը Թեհրանի Մէջ Դեսպանատո՞ւն Կ՛ուզէ Հաստատել

EU-IranԴիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է Թեհրանի մէջ դեսպանատուն հաստատելու դիմում մը ներկայացնել իրանեան կառավարութեան: Միութիւնը այդ քայլին կ՛ուզէ ձեռնարկել երկու կողմերուն միջեւ մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, մարդկային իրաւանց, թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի, կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութեանց հարցերու նման Եւրոպական Միութիւնը հետաքրքրող հարցերու շուրջ աւելի լաւ հաղորդակցութիւն հաստատելու համար:

Աղբիւրները նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի կեդրոնի բացման կարելիութեան ակնարկեցին:

Իրանեան արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Հայաթ»-ին յայտնեցին, որ նախարարութիւնը այդպիսի դիմում մը «դրականօրէն պիտի սերտէ»` նշելով, որ ատիկա կապ ունի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ բանակցութիւններուն յառաջդիմութեան հետ:

Իրանեան աղբիւրները աւելցուցին, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ եւ նախագահ Հասան Ռուհանի աշխատանք կը տանին արեւմտեան երկիրներու հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հաստատուած ելեւմտական ու տնտեսական շրջափակումը վերցնելու:

Share this Article
CATEGORIES