Թուրքիոյ Բանակը Դատախազներէն Կը Պահանջէ «Դաւ»-ի Պնդումներուն Շուրջ Դարձեալ Հետաքննութիւն Կատարել

Թրքական բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղին

Թրքական բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղին

Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը Անգարայի աւագ դատախազի գրասենեակին ներկայացուց քրէական գանգատ մը` պահանջելով կրկնել ենթադրեալ «դաւ»-ի հարցով բանակին շուրջ կատարուած հետաքննութիւնը, որ յեղաշրջման «Պալեոզ» եւ Էրկենեքոն դաւերուն հարցով բազմաթիւ բարձրաստիճան բանակային սպաներու դատապարտման առաջնորդեց:

«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ դատախազի գրասենեակը չորեքշաբթի, 1 յունուարին բարձր դատարանի մը անդամ դատաւորի մը եւ իսլամ ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլենի միջեւ անպատշաճ յարաբերութեան մը շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկեց: Յիշեցնենք, որ Կիւլենի հետեւորդները, որոնք ճեմաաթ (համայնք. «Ա.») կամ Հիզմեթ (ծառայութիւն. «Ա.») կը կոչուին, սկսած են կառավարութեան հետ բախում ունենալ:

Բանակի սպայակոյտը իր պաշտօնական բողոքագիրին մէջ յայտնեց, որ «դաւ»-երու հարցով փաստերը շինծու եւ խարդախուած են:

Սպայակոյտին քայլը կը յաջորդէ օրեր առաջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդականներէն Եալչըն Աքտողանի «դաւ»-ի մը մասին ակնարկին, ինչ որ ընդդիմութիւնը մղած էր այդ դաւի բացայայտման կոչ ուղղելու:

Աքտողան «Սթար» օրաթերթի 24 դեկտեմբերի թիւին մէջ գրած էր, որ «բոլորը գիտեն, թէ անոնք, որոնք իրենց հարազատ երկրի ազգային բանակին, ազգային գաղտնի սպասարկութեան կազմակերպութեան, կեդրոնական դրամատան եւ քաղաքային իշխանութեան, որոնք ազգին սրտին մէջ արմատացած են, դէմ դաւած են, չէին կրնար այս երկրին բարիքին համար գործած ըլլալ»:

Աքտողան յայտնած էր, որ հարիւրաւոր բանակային սպաներ, որոնք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը տապալել դաւելու յանցանքով դատապարտուած են, դաւադրութեան զոհը եղած են արդարադատութեան մէջ գտնուող խմբաւորումներու, որոնք ներկայիս Էրտողանի դաշնակիցներուն դէմ ենթադրաբար լայնատարած փտածութեան հետաքննութիւն մը կը կազմակերպեն»:

Նշենք, որ թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ Իլքեր Պաշպուղ եւս դիմում ներկայացուցած էր պահանջելով զինք ազատ արձակել` Էրտողանի «պետութեան մէջ աւազակախումբեր» գոյութիւն ունենալուն մասին յայտարարութիւնը օգտագործելով իբրեւ իր անմեղութեան փաստը:

 

Share this Article
CATEGORIES