Շապաք Բեթղեհէմի Մէջ Փոխադրակառք Մը Ականահարել Փորձած Բջիջ Մը Ձերբակալած Է

ShabakԻսրայէլի ընդհանուր ապահովութեան մարմինը` Շապաք յայտնեց, որ մեծամասնութեամբ Բեթղեհէմի բնակիչներէ բաղկացած 14 անդամնոց բջիջ մը ձերբակալած է անցեալ ամիս Պաթ Եամի մէջ իսրայէլեան փոխադրակառքի մը ականահարման փորձին ետին կանգնելուն համար:

Շապաք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ գլխաւոր բջիջը կազմուած է չորս անձերէ, որոնցմէ երկուքը` 1989-ի ծնունդ Շահատէ Մոհամետ Թահմարի եւ 1992-ի ծնունդ Համատի Մոհամետ Թահմարի նախապէս Իսրայէլի կողմէ արգելափակուած են Իսլամական Ժիհատ շարժումին անդամակցելու յանցանքով:

Ձերբակալման գործողութիւնները կատարուած են ոստիկանութեան եւ իսրայէլեան բանակին մասնակցութեամբ:

Ձերբակալեալները ամբաստանուած են Իսրայէլի մէջ փոխադրակառքեր պայթեցնելու ճամբով սպանդ կատարել փորձելու յանցանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES