Արժանթինի Մէջ Իսրայէլի Նախկին Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «Պուենոս Այրեսի Յարձակումներուն Բոլոր Պատասխանատուները Մաքրագործեցինք»
Արժանթինի մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան Իցհաք Աւիրան յայտարարեց, որ Իսրայէլ 1990-ական թուականներուն Պուենոս Այրեսի մէջ իսրայէլեան դեսպանատան եւ Հրէական առեւտրական համալիրին դէմ յարձակումներուն պատասխանատուներուն մեծամասնութիւնը մաքրագործած է:
Աւիրան, պատասխանելով 20 տարի առաջ պատահած այդ դէպքերուն պատասխանատուներուն դատուելուն մասին հարցումի մը, Արժանթինի մէջ գործող Հրէական լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Մեղաւորներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այս աշխարհէն մեկնեցաւ, եւ ատիկա մեր ձեռքով կատարուեցաւ»:
CATEGORIES Միջազգային

