Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ առեւտրականները երէկ նամակով մը դիմեցին Վերակառուցման եւ բարգաւաճման խորհուրդին` յիշեցնելով, որ 21 յունուար 2012-ին` «քակուած» Ժել էլ Տիպի կամուրջը կը սպառնայ շրջանի տնտեսութեան, ուր վաճառքի համեմատութիւնը 80 առ հարիւրով նահանջած է: Անոնք սպառնացին սաստկացնել իրենց բողոքի քայլերը, եթէ անմիջական կամուրջ մը չզետեղուի նշեալ վայրին մէջ:
ԵՐԷԿ երեկոյեան Լիբանանի հիւսիսը, Աքքարի գիւղերը սաստիկ ծուխերով ծածկուեցան, ինչ որ հետեւանք էր Սուրիոյ սահմանամերձ Թելքալախ շրջանին մէջ ծագած հրդեհին, որ պատահած էր Թարթուսէն Հոմս երկարող կազատար խողովակի ռմբահարման պատճառով:
CATEGORIES Լիբանանեան

