Փորձելով Երկիրը Անիշխանական Քաոսի Մատնել. Կարգ Մը Կեցուածքներ Կը Միտին Կացութեան Վատթարացման Տալ Կրօնական Բնոյթ
Լիբանանեան պատերազմի յոռեգոյն դէպքերու նախօրեակը յիշեցնելով` կարգ մը կողմեր երէկ իրենց ելոյթներով փորձեցին երկրի ապահովութեան վատթարացման ձգտող այժմու հանգրուանը վերագրել կրօնական տագնապներու շարժառիթներու:
Արդարեւ, Քայիտայի համակիր սալաֆական ժիհատական ղեկավար մը Յորդանանի մէջ գրաւոր կերպով «Եունայթըտ Փրես Ինթըրնեշընըլ»-ին յայտարարած է, որ «Ժապհաթ Նուսրա»-ն եւ Շամի ու Իրաքի մէջ իսլամական պետութիւնը (ՏԱՀԵՇ) պաշտօնապէս որոշած են զինուորապէս Լիբանան մուտք գործել:
Իր ինքնութիւնը բացայայտելէ խուսափած նշեալ ղեկավարը աւելցուցած է, որ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանի, ծանօթ` «Ֆաթեհ» անունով, եւ ՏԱՀԵՇ-ի Էմիր Ապու Պաքր Պաղտատի, ծանօթ` «Քարրար» անունով պաշտօնապէս որոշած են բացայայտօրէն եւ զինուորապէս մուտք գործել Լիբանան, «մինչեւ Հըզպալլայի արտաքսումը Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն եւ անոր մօտ եղող գերիներու ազատագրումը»:
Ֆաթուա` Թրիփոլիի Քրիստոնեայ
Հոգեւորականներէն Հայր Իպրահիմ Սրուժի Դէմ
Թրիփոլիէն հաղորդուող տեղեկութեանց համաձայն, իսլամական կողմ մը կրօնական յատուկ հրամանագիր` Ֆաթուա մը հրապարակած է Թրիփոլիի քրիստոնեայ հոգեւորականներէն հայր Իպարհիմ Սրուժի դէմ` զայն մեղադրելով իսլամական կրօնը վարկաբեկող գիրք մը հրատարակելու յանցանքով: Հայր Սրուժ հարցաքննութեան ենթարկուած է ապահովական պատկան մարմիններուն կողմէ եւ անոր թելադրուած է` խուսափիլ հրապարակային ելոյթներէ:
Աննախընթաց Վտանգաւոր Կոչ
Իր տեսակին մէջ աննախընթաց ելոյթով մը, լիբանանեան պատերազմի դառնագոյն եւ յոռեգոյն օրերու նախօրեակի մթնոլորտը յիշեցնող կեցուածքով, Արեւմտեան Պէյրութի Քասքաս-Շաթիլա շրջանի «Նահատակներու մզկիթ»-ի «Ժամեհ Շուհատա»-ի Իմամ Ահմետ Պատաուի երէկ ուրբաթ օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղած է չմասնակցելու քրիստոնէական տօնակատարութեանց եւ սովորութիւններուն ոգելից ըմպելիներու գործածութեան, հրավառութեան եւ այլն, «որոնք կը յիշեցնեն հեթանոսական աւանդութիւնները»: «Ժարաս Աքուփ» ձայնասփիւռի կայանը, որ հաղորդեց լուրը, իմամ Պատաուիի վերագրելով իր խօսքերը աւելցուց. «Իսլամները համաձայն գտնուեցան քրիստոնեաներուն հետ կողք-կողքի գոյակցելու` անոնց կոչ ուղղելու եւ համոզելու համար, որ հրաժարին Յիսուս Քրիստոսը Աստուծոյ որդի նկատելէ եւ դաւանին իսլամական կրօնը»:

