Ժոմպլաթ Կը Դրուատէ Թուրքիոյ Ճիգերը

Abou-Faour-Jumblatt-Davutoglu

Ապու Ֆաուր, Ժոմպլաթ եւ Տաւութօղլու

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի, Սուրիոյ տագնապին եւ վերջինիս լուծման վերաբերող «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին վրայ:

Այս առիթով լրագրողներուն կատարած իր յայտարարութեամբ Ժոմպլաթ դրուատեց Թուրքիոյ ճիգերը` «այս նեղ պայմաններուն» Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդման իմաստով` շեշտելով երկրի կայունութեան պահպանման հրամայականը:

Այս առիթով նաեւ Ժոմպլաթ եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները եղան Տաւութօղլուի ճաշի հիւրերը:

Share this Article
CATEGORIES