Ապահովութեան Վատթարացման Լոյսին Տակ`. Դիւանագիտական Կարգ Մը Աղբիւրներ Կոչ Կ՛ուղղեն Խուսափելու Լիբանան Այցելելէ

Ապահովական կացութեան վատթարացման զուգահեռ եւ կրկնուող պայթումներու լոյսին տակ, կարգ մը երկիրներու դեսպանատուներ եւ պատկան կողմեր զգուշացուցին իրենց քաղաքացիները` Լիբանան այցելելէ:

Այս ծիրին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց իր երկրի քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ: Իսկ Լիբանան գտնուող իմարաթցիներուն թելադրեց փութալ մեկնելու Լիբանանէն:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ուղղած էր Լիբանանի մէջ իր քաղաքացիներուն` զգուշանալու հանրային վայրեր այցելելէ եւ խճողեալ շրջաններու մէջ գտնուելէ, յորդորելով Լիբանան այցելել միայն անհրաժեշտութեան պարագային:

Share this Article
CATEGORIES