«Տի. Էն. Էյ.»-ի Քննութիւններուն Լոյսին Տակ. Լիբանանեան Բանակը Հաստատեց Ահաբեկիչ Մաժետ Մաժետի Ինքնութիւնը

Լիբանանեան բանակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ 26 դեկտեմբերէն ի վեր իր մօտ արգելափակուած սէուտցի Մաժետ Մաժետ նոյնինքն պահանջուած ահաբեկիչն է, որ պատասխանատու է անցնող նոյեմբերին իրանեան դեսպանատան ռմբահարման:

Նախապէս, բանակը հաղորդագրութեամբ մը բուռն կերպով հերքած էր կարգ մը թերթերու այն տեղեկութիւնները, թէ` «բանակը ահաբեկիչ մը ձերբակալած է»` ընդգծելով, որ «Տի. Էն. Էյ.»-ի թէ անհրաժեշտ այլ քննութիւնները կը շարունակուին` ստուգելու համար արգելափակեալին իսկական ինքնութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց լիբանանեան բանակը` ահաբեկիչին յայտնաբերման եւ ձերբակալութեան գծով: Հաղորդագրութեան համաձայն, իրանեան պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Մաժետ Մաժետի հարցաքննութեան նիստերուն` տրուած ըլլալով, որ ան ամբաստանուած է իրանեան դեսպանատան ռմբահարման յանցանքով:

Սէուտական «Եաում» թերթին համաձայն, Մաժետ Մաժետ երիկամունքի գործողութեան համար լիբանանեան «Մաքասետ» հիւանդանոց մուտք գործած էր Ահմետ Թալեպ կեղծանունով:

Իր կարգին, Սէուտական Արաբիա դրուատեց լիբանանեան բանակի ճիգերը` «ահաբեկիչ Մաժետ Մաժետի ձերբակալման» գծով եւ պահանջեց անոր յանձնումը սէուտական իշխանութիւններուն` նկատի ունենալով, որ ան ծագումով սէուտական հպատակութիւն ունի:

Սելիմ Մոհամետ Ֆարես իրանեան դեսպանատան ականահարման զոհերու ընտանեկան պարագաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին «ահաբեկիչ Մաժետ Մաժետի ձերբակալման համար», պահանջելով խստագոյն պատիժ տնօրինել անոր:

 

Share this Article
CATEGORIES