Կրկնուող Պայթումներու Լոյսին Տակ. Կայունութեան Վերամրապնդման Միտող Կեցուածքներն Ու Ապահովական Միջոցառումները Կը Շարունակոին

Ալեքսանտր Զասպիքին
Տարեսկիզբին Լիբանանը ցնցած Հարեթ Հըրէյքի պայթումին գծով դատապարտումի կեցուածքներն ու երկրի կայունութեան վերամրապնդման միտող միջոցառումները շարունակուեցան երէկ: Արդարեւ, տեղական թէ դիւանագիտական արտաքին կողմեր դատապարտեցին ոճրային արարքը` զօրակցելով Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման: Իսկ լիբանանեան բանակը շարունակեց պայթումին կրկնութիւնը կանխարգիլող ապահովական միջոցառումները:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել այցելեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումի վայրը` ընդգծելով, որ պահանջուածը քաղաքական ապահովութիւն է, նախքան գետնի վրայ կիրարկուող ապահովական միջոցառումը: Շարպել զարմանք յայտնեց, որ նշեալ պայթումին հեղինակը բացայայտօրէն եւ սանձարձակ կը կիրարկէ իր ոճիրները` «խիստ տգեղ» որակելով երեւոյթը: «Լիբանանի մէջ համայնքային երկպառակութիւն պիտի չբռնկի, ինչ որ ալ ընեն ոճրագործները», յայտարարեց Շարպել` կոչ ուղղելով միջլիբանանեան համերաշխութեան եւ միասնական ճիգերով դիմակալելու ցցուող մարտահրաւէրները:
Նմանապէս, Լիբանանի գրեթէ բոլոր պետական անձնաւորութիւնները, նախարարները, երեսփոխանները թէ կուսակցապետերը անջատ կեցուածքներով դատապարտեցին Հարեթ Հըրէյքի պայթումը` անհրաժեշտ նկատելով ազգային համերաշխութեան կառավարութեան կազմութիւնը, ուր ներկայացուին բոլոր կողմերը եւ որուն միջոցով կարելի ըլլայ միասնական ճիգերով դիմակալել Լիբանանին սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրը:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումը` ընդգծելով, որ լիբանանցիք պիտի կարենան յաղթահարել ցցուող բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:
Դատապարտում` Արտաքին
Դիւանագիտական Մակարդակի Վրայ
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի երէկ տեսակցեցաւ շիիներու Գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի հետ եւ դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի ոճրային պայթումը` զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանի կայունութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդման: «Աւելի քան երբեք, Լիբանան այսօր պէտք ունի համերաշխութեան եւ միասնականութեան», շեշտեց Ապատի:
Նմանապէս, դեսպան Ապատի երէկ յետմիջօրէին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ քննելէ ետք շրջանի ու Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները, դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի պայթումը:
«Ռուէյսի, Պիր Ապըտի եւ երէկուան Հարեթ Հըրէյքի պայթումներն ու նահատակ նախարար Մոհամետ Շաթահի ահաբեկումը, այս բոլոր ոճրային արարքներուն ետին կը կանգնի միեւնոյն կողմը` Իսրայէլը», ընդգծեց դեսպան Ապատի:
Նմանապէս, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի դատապարտեց պայթումը` նշելով, որ ահաբեկչութեան մէջ տարբերութիւն չկայ: Ան կոչ ուղղեց միջլիբանանեան համերաշխութեան` վերահաստատելով իր երկրի զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին իր կարգին դատապարտեց Հարեթ Հըրէյքի ոճրային պայթումը` ընդգծելով, որ ահաբեկչութեան աղբիւրը նոյնն է: Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելով` Ռուսիոյ դեսպանը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան, կոչ ուղղելով միասնական ճիգերով դիմակալելու աշխարհի առաջնակարգ հարցերէն մէկը եղող ահաբեկչութեան վտանգը:
Եգիպտական կառավարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց վերջերս աշխարհի զանազան կողմերը հարուածած պայթումները եւ յատկապէս լիբանանեան Հարեթ Հըրէյքի շրջանին մէջ պատահած պայթումը` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանին եւ իր ժողովուրդին:
Նմանապէս Ճափոնի դեսպանատունը բուռն կերպով դատապարտեց դէպքը` ընդգծելով, որ «ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել ահաբեկչական արարք մը»:

