Ի Յարգանք Հարեթ Հըրէյքի Պայթումի Զոհերուն`. Միքաթի Այսօր Մէկ Ժամուան Սուգ Յայտարարեց
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց յատուկ շրջաբերական մը, ըստ որու, Հարեթ Հըրէյքի զոհերուն իբրեւ յարգանք, այսօր` շաբաթ, 4 յունուար 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 12:00-ի միջեւ մէկ ժամուան սուգ կը յայտարարուի լիբանանեան բոլոր շրջաններու հաստատութիւններուն մէջ:
Նմանապէս, լիբանանցիներէն կը պահանջուի այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հինգ վայրկեան յոտնկայս յարգել զոհերու յիշատակը, իսկ լրատուամիջոցները, յատկապէս` պատկերասփիւռի կայանները պարտին յարմար յայտագիրներ սփռել նշեալ ժամուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

