Շարունակուող Հետաքննութեանց Լոյսին Տակ`. Հարեթ Հըրէյքի Պայթումին Առնչուող Ծալքերը Հետզհետէ Կը Բացայայտուին

Գործողութեան հեղինակ Քութէյպա Սաթեմի իխրաժ քայտը արարք մը»:
Հինգշաբթի, 2 յունուարին Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հըրէյք շրջանը ցնցած պայթումէն անմիջապէս ետք յատկապէս լիբանանեան բանակին ձեռնարկած ապահովական միջոցառումներուն եւ կատարած հետաքննութիւններուն լոյսին տակ, հետզհետէ սկսան բացայայտուիլ ոճրային այս պայթումին առնչուող մութ ծալքերը:
Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, հետաքննութեանց արդիւնքներուն համաձայն, վերջին այս պայթումին գործածուած ականուած ինքնաշարժին մէջ զետեղուած ռումբի տեսակէն կը հետեւցուի, թէ անիկա թիրախ ունէր կարեւոր անձնաւորութեան (անձնաւորութիւններու) մը շքախումբի ինքնաշարժները:
Պայթումի վայրէն գտնուեցաւ անձնաթուղթ մը (իխրաժ քայտ)` Լիբանանեան համալսարանի ուսանող Քութէյպա Սաթեմի անունով: Անոր հայրը քանի մը օրեր առաջ ոստիկանութեան յայտնած էր իր զաւկին անհետանալը: Ապահովական պատկան մարմինները արգելափակեցին Սաթեմի հայրը` հարցաքննութեան համար:
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջը, Դամասկոսի մէջ գտնուող յատուկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, հաղորդեց, որ Քութէյպա Սաթեմ Եապրուտի մէջ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումէն կռուող զինեալ մըն էր:
«Էլ. Պի. Սի.-Ինթըրնեշընըլ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Լիբանանեան համալսարանի Թրիփոլիի ճիւղի ուսանող Քութէյպա Ֆաուզիա Սաթեմ կը վարէր Հարեթ Հըրէյքի մէջ պայթած ինքնաշարժը: Նոյն աղբիւրին համաձայն, կ՛իմացուի, թէ այլ անծանօթ մը եւս կ՛առնչուի ոճրային այս պայթումի դէպքին: Սակայն վերջինիս մարմինը ցարդ չէ յայտնաբերուած:
Քութէյպա Սաթեմի ընտանիքը բուռն կերպով հերքեց իրենց զաւկին առնչութիւնը Հարեթ Հըրէյքի պայթումին հետ:
Նմանապէս, Քութէյպայի ծննդավայրին` Աքքարի Հնէյտեր շրջանին մէջ բնակիչները դատապարտեցին դէպքը` հաստատելով, որ Սաթեմ հինգ օրէ ի վեր առեւանգուած է Հըզպալլայի կողմէ եւ ան կապ չունի պայթումին հետ: Անոնք սպառնացին սաստկացնել իրենց միջոցառումները, եթէ Սաթեմի դէմ մեղադրանքը շարունակուի:
Քութէյպայի զարմիկը` Ահմետ Սայիտ, անոր ծննդավայրին եւ Ուատի Խալետի բնակչութեան անունով դատապարտեց ոճիրը` ընդգծելով, որ Քութէյպա համալսարանական ուսանող է, ինքնաշարժ վարել իսկ չի գիտեր եւ ոչ մէկ կապ ունի պայթումին հետ:
Լիբանանեան բանակին կողմէ կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին, Քութէյպա Սաթեմի հայրը «խոստովանած» է, թէ իր զաւակը վերջերս ծայրայեղական տարօրինակ կարծիքներ կ՛արտայայտէր:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, լիբանանեան ապահովական աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ կարելի եղած է բացայայտել Հարեթ Հըրէյքի պայթումին ահաբեկիչներէն մէկուն ինքնութիւնը, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ «քակելու նշեալ պայթումի կծիկին ծալքերը»:
Երէկ պատկան կողմեր սկսան պայթումի վայրէն վերացնել ականահարումէն վնասուած ինքնաշարժները եւ այլ կտորներ ու «մաքրել» շրջանը պայթումի հետքերէն:
Ապահովական պատկան կողմեր կը շարունակեն հետաքննութիւններն ու յատկապէս Քութէյպա Սաթեմի դիակին ինքնութեան քննութիւնը` մարմինէն տուեալներ բաղդատելով անոր մօր «Տի. Էն. Էյ.»-ին հետ:
Ամոն Արքուն, որուն կը պատկանի ականահարուած ինքնաշարժը, ներկայիս կը գտնուի սուրիական Ֆլայթա շրջանը: «Էլ. Պի. Սի.-Ինթըրնեշընըլ», որ հաղորդեց լուրը, աւելցուց, որ Արքուն թունդ համակիր է Սուրիոյ վարչակարգին դէմ ճակատող ծայրայեղական խմբակցութեան մը:
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի տեղակալ գնդ. Խէյր երէկ այցելեց պայթումին վայրը` խոստանալով անհրաժեշտ հատուցումները կատարել զոհերու պարագաներուն թէ վնասուած անձերուն եւ բնակարաններուն` ստուգելէ ետք պաշտօնական համապատասխան փաստաթուղթերը:

