ՏԵՍԱԿԷՏ. ՕՍՄԱՆՑԻ ԿԱՅՍԵՐ ՊԷՍ ԽՕՍՈՂԸ ՎԱՂՆ ԱԼ ՕՍՄԱՆՑԻ ԿԱՅՍԵՐ ՊԷՍ ԿԸ ԳՈՐԾԷ
Թրքական լրատուամիջոցներուն վկայութեամբ, Թուրքիոյ մէջ որոշ ատենէ մը ի վեր գոյութիւն ունի հետաքրքրութիւն մը ամէն ինչի նկատմամբ, որ կը վերաբերի օսմանեան անցեալին` արուեստ, գրականութիւն, լեզու եւ երաժշտութիւն: Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ եւ երիտասարդ մասնագէտներ սկսած են այդ նիւթերուն վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ պատրաստել: Անոնք կը ստանան ֆինանսական օժանդակութիւն եւ կրթաթոշակներ:
Թուրքիոյ մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն օսմանեան անցեալը ներկայացնող պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերը, որոնց ազդեցութեան տակ օսմանցի կայսրերուն նստավայրը եղող Թոփ Քափըի պալատի եւ Քափալըչարշըի այցելուներուն թիւը մեծ աճ արձանագրած է: Կարգ մը անձնական դպրոցներ սկսած են մինչեւ իսկ օսմաներէնի եւ արաբերէնի դասապահեր հաստատել:
Այս բոլորը բնականաբար իր արտայայտութիւնը կը գտնէ, նաեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ` նոր օսմանականութեան ձեւաչափով: Եւ ահա ամերիկեան յայտնի պարբերաթերթերէն «Նիւզուիք» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքէն հեռանալէն ետք ստեղծուելիք հաւանական դիպաշարերէն մէկը վերակենդանացած Օսմանեան կայսրութիւնն է: Այս տարբերակը Սուրիոյ իրադարձութեանց եւ Թուրքիոյ կեցուածքներուն լոյսին տակ այսօր լուրջ եւ վճռորոշ փորձաքարի մը առջեւ է: «Հաարեց» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական լարուածութեան հարցի լուծման նպատակով գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Նախապէս հաղորդուած էր նաեւ, որ Իսրայէլ ողջունած էր Անգարայի կողմէ բարի կամեցողութեան ցուցանիշ եղող այն իրողութիւնը, որ թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւը պիտի չմասնակցի դէպի Կազա նաւարկելիք նոր նաւատորմիղին:
Արաբական աշխարհը Էրտողանի բարձրացուցած սնամէջ աղմուկէն ոգեւորուած զայն հերոսացուց, եւ ահա այսօր շրջանին համար բնորդ յորջորջուող Թուրքիոյ դիմակը ինկած է: Շատեր ապշած են ի տես Էրտողանի ճշմարիտ դէմքին, սակայն ոչ հայութիւնը, որ շարունակ զգուշացուց իր արաբ եղբայրները: Իսկ այսօր, երբ Էրտողան օսմանցի կայսեր պէս կը խօսի, բացառուած չէ, որ վաղն ալ օսմանցի կայսեր մը պէս գործէ: Միջազգային մամուլը վերջերս Սուրիոյ մէջ թրքական ապահովութեան գօտիի մը ստեղծման ծրագիրի մը կ՛ակնարկէ:Թուրքիան երէկ եւ այսօր նոյնն է: Ի վերջոյ, Հիւսիսային Կիպրոսը բռնագրաւողը Սուրիոյ մէջ ալ «ապահովական գօտի» կը ստեղծէ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ