«ՄՕՏ ՕՐԷՆ ԿՐՆԱՆՔ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԱԾ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԻՄԱԿԱՅԵԼ» ԿԸ ԳՐԷ «ՆԻՒԶՈՒԻՔ»

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Նիւզուիք» պարբերաթերթը գրած է, թէ «մինչ Թուրքիա իր մկանները կը պրկէ, մօտ օրէն կրնանք վերակենդանացած Օսմանեան կայսրութիւն մը դիմակայել»:

Պարբերաթերթը յայտնած է, որ Ամերիկայի Հանրապետական կուսակցութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահը մէկ հարցի մէջ համաձայն են` «Միացեալ Նահանգներ պէտք է նուազեցնեն Մեծն Միջին Արեւելքի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը: Ամէնէն շատ յառաջ քշուող առարկութիւնները անոնք են, թէ Ամերիկան հեռաւոր երկիրներու մէջ մարտական գործողութիւններու մէջ ըլլալու ծախսերուն չի կրնար տոկալ եւ այդպիսի գործողութիւնները արդէն ապարդիւն են»:

«Այն հարցումը, որուն ոչ ոք կ՛ուզէ պատասխանել, այն է, թէ Միացեալ Նահանգներու մեկնումէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի: «Յաւիտեանս ուրախ» դիպաշարը այն է, որ երկիրները իրերայաջորդ կերպով Արեւմտեան ժողովրդավարութիւնը պիտի որդեգրեն: Մղձաւանջային դիպաշարը կա՛մ քաղաքացիական պատերազմն է եւ կա՛մ ալ իսլամական յեղափոխութիւնը: Սակայն երրորդ հաւանական տարբերակը` վերակենդանացած Օսմանեան կայսրութիւն մըն է»:

Share this Article
CATEGORIES