Յստակացան Ափրիկէի Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Երեք Թեկնածուները

Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր սահմանագօտիին մէջ 2013 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի թեկնածուներուն ցուցակը 10-էն կրճատեց 3-ի:

Լաւագոյն եռեակին մէջ յայտնուեցան Ճոն Օպի Միքել (Չելսի), Եայա Թուրէ (Մանչեսթըր Սիթի) եւ Տիտիէ Տրոկպա (Կալաթասարայ):

Ափրիկէի 2013-ի լաւագոյն ֆութպոլիստին անունը կը յստականայ 9 յունուարին:

ArmSport.am կ՛եզրափակէ նշելով, որ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նիկերիոյ Լակոս քաղաքին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES