Լամփար Եւ Իվանովիչ Մինչեւ Յունուարի Վերջը Պիտի Բացակային Դաշտերէն
Չելսիի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ միջնապահ Ֆրանք Լամփար եւ յետսապահ Պրանիսլաւ Իվանովիչ, որոնք նախանցեալ օր իրենց կազմին կատարած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցան, մինչեւ յունուարի վերջը պիտի բացակային դաշտերէն:
Սերպ Իվանովիչ, որ ծունկէն վիրաւորուեցաւ, Ա. կիսախաղին այլ մարզիկով մը փոխարինուեցաւ, մինչ անգլիացի միջազգային մարզիկ Լամփար, որ մկանային հարց մը ունեցաւ, Բ. կիսախաղին դաշտ չներկայացաւ (Սաութհեմփթընի դէմ):
Անոնք պիտի բացակային այս շաբաթավերջին Տերպի Քաունթիի դէմ տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցումէն (Գ. հանգրուան), ինչպէս նաեւ յաջորդաբար` Հալ Սիթիի, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ուեսթ Համի դէմ կատարուելիք ախոյեանութեան մրցումներէն:
CATEGORIES Մարզական

