Կազմակերպութեամբ Էլիթ Ակումբին`. Ամանորի Վազքի Մրցում` Շուրջ Հարիւր Վազողներու Մասնակցութեամբ

eliteՇուրջ հարիւր վազողներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Ամանորի 10 քմ վազքի մրցում մը` կազմակերպութեամբ էլիթ ակումբին եւ գործակցութեամբ Լիբանանեան համալսարանին եւ Լիբանանեան զինուորական մարզական կազմակերպութեան:

Հատասի մէջ գտնուող Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանի համալիրին մէջ տեղի ունեցած վազքի այս մրցումին տղոց տիտղոսակիր հանդիսացաւ լիբանանեան բանակին մաս կազմող Պիլալ Աուատա, որ արձանագրեց 32′ 54″ արդիւնք մը, իսկ աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Նիքոլ Էլիաս (Էլիթ), որ արձանագրեց 43′ 43″ արդիւնք մը:

 

Share this Article
CATEGORIES