Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վերապահ մնացէք ձեզի առաջարկուած հարցի մը մասին ձեր անկեղծ կարծիքը տալէ: Եթէ նոյն հարցին խորքին չէք թափանցած, չէզոք մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պահանջեցէք այն գումարը, զոր փոխ տուած էիք բարեկամի մը, բայց ան չի մտածեր իր պարտքը վճարել: Յիշեցուցէք, քանի որ պայմանաժամը վաղուց աւարտած է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Սիրոյ արտայայտութիւն մը պիտի լսէք, անտարբեր մի՛ մնաք, պատասխանեցէք դրական տրամադրութեամբ: Ընկերային ձեր կեանքը ճիշդ ճամբու մէջ դրէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ակնկալութիւնները արդէն իրականացած են, ձեզի կը մնայ նոր ծրագիրներ մշակել, որպէսզի կարենաք ներդաշնակել ձեր զգացական եւ նիւթական կեանքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք ստեղծագործելու շնորհք եւ տրամադրութիւն: Տօնական օրերը պիտի աւարտին, բայց ձեր աշխատելու կամքը պիտի շարունակուի լաւ ձեւով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երկար ատենէ ի վեր ձեր չտեսած անձերուն պիտի հանդիպիք: Անոնց հետ պիտի ունենաք յիշատակներով հրճուելու ժամեր: Օրը պիտի անցնի զուարթ եւ ուսանելի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ մոռնաք, որ մուրհակներ ունիք վճարելու: Օրը օրին կատարեցէք ձեր դրամական վճարումները, որպէսզի ձեր վարկը բարձր մնայ ընկերութեան մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ներկայութիւնը պիտի գնահատուի եւ վարձատրուի հանդիպումի մը ընթացքին, որ անակնկալ հրաւէրով մը պիտի ստեղծուի: Պիտի ծանօթանաք նոր դէմքերու, որոնց հետ պիտի ունենաք նոր բարեկամութիւն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր շահած գումարէն աւելի ծախսած էք տօնական օրերուն: Ներկայիս ձեզի կը մնայ ըլլալ խիստ խնայասէր, որպէսզի կարենաք գոցել վնասը: Խոհեմ ըլլալը անհրաժեշտ է ամէն պարագայի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անօգուտ, սին անցուդարձերով մի՛ հետաքրքրուիք: Մնացէք լուրջ հարցերու հետամուտ: Հեռու մնացէք շատախօսներէ եւ ինքնագով անձերէ: Օրը բարի է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք ժամադրութիւն մը նոր դէմքի մը հետ: Ճիշդ ժամանակին ներկայացէք, որովհետեւ ժամադրութիւն չյարգելը բարենիշ չի բերեր: Օրը ունի յուսալի եւ հաճելի պահեր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի հետաքրքրուիք խոհանոցային մշակոյթով: Պիտի արժանանաք յարգանքի եւ վարձատրութեան: Կրնաք ասպարէզի վերածել ձեր այս շնորհքը:

