50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1964)
Հրաշափառ Սուրբ Ծնունդ
Դարերէ ի վեր, Նոր տարին թեւակոխելէ ետք կը տօնենք մեր Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշալի Սուրբ Ծնունդը: Ինչպէս Նոր տարին կը դիմաւորենք յոյսերով եւ ակնկալութիւններով, այնպէս ալ` Ս. Ծնունդը, ո՛չ միայն ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ, այլեւ լի հաւատքով եւ մեր ակնկալութեան յոյսերով կը դիմաւորենք եւ կը տօնենք:
Մարգարէներու բոլոր գուշակութիւնները` Փրկիչի աշխարհ գալուն եւ յայտնութեան մասին, իրականացան 1964 տարիներ առաջ: Լոյսը, որուն ծագման կը սպասէր մարդկութիւնը, բացուեցաւ հրաշափառ կերպով, եւ անորոշութեան մէջ դեգերող մարդկութիւնը լուսաւորուեցաւ լոյսին ծագմամբ:
Մարդկութեան մասնիկը կազմող հայ ազգը եւս լոյսին երեւումն ու ծագումը զգաց, եւ անոր շողերը մինչեւ Հայաստան աշխարհ հասան, ինչպէս հասած էին, աշխարհի խաւարակուռ ծայրերն անգամ:
Հաւատանք, որ Յիսուս մանուկը` աշխարհի Փրկիչը, եւ նոր ծնող ու ծագող լոյսը ողջունելու եկող եւ իրենց հետ թանկագին ընծաներ բերողներէն մէկն ալ` մեր ազգի անդամներէն մէկն էր, որ իր գիտութեամբ եւ աստղագիտութեամբ միւս մոգերուն նման գուշակած էր ծնունդը մեր Փրկչին` Յիսուսի Քրիստոսի, նոր եւ լուսատու աստղին երեւումով:
Այս աստղին երեւումը առաջնորդեց զանոնք դէպի Սուրբ Այրը եւ մսուրը, ուր ծնած էր անճառելի մանուկը, խոնարհ եւ աղքատիկ վայր մը, որ դարեր շարունակ Ս. Տեղեաց անունով կոչուեցաւ:
Այդ չէր միայն հրաշքը: Երկինքը լեցուեցաւ անիմանալի ձայներով եւ երգեցողութեամբ: Երկնային դասն էր, որ աշխարհի կ՛աւետէր Փրկիչի ծնունդը:
Հրեշտակային «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» երգը զմայլելի, հասած է մեզ եւ վերածուած սրբազան արարողութեան եւ սրտայոյզ երգի մը:
Ու դեռ աւելցնենք մեր սուրբերուն եւ հայրապետներուն յօրինած շարականները, երգերը, տաղերը` անհատնում տուներով եւ տողերով, որոնք մեր եկեղեցիները կը լեցնեն սրտագրաւ յոյզելով եւ վերացական հոգիներով: Այդ օրերուն Հրէաստանի իշխող արքան ահ ու դողի մէջ էր, երբ մոգերէն իմացաւ, որ թագաւոր մը ծնած է Բեթղեհէմի մէջ, եւ իր յանձնարարութեամբ մոգերը ծնող մանուկին վայրը երբ չեկան յայտնելու Հերովդէսի, զայրացած, երկու տարեկանէն վար ծնած մանուկները սպաննել տուաւ:
Ինչպէս իր ժամանակին բռնակալը չկրցաւ ըմբռնել նոր ծագող լոյսին էութիւնը եւ հրաշքը, նախանձէ եւ ատելութենէ դրդուած, այնպէս ալ մեր ազգին դարաւոր թշնամին, որ եկած բազմած էր մեր երկիրը, իր տիրապետած լուսաւոր հայ ազգին լոյսը եւ էութիւնը մարելու ճգնեցաւ: Անոնց գազանացած հոգիները ո՛չ միայն ոչնչացնել աշխատեցան մանուկներ, այլ ցեղասպան զայրոյթով անխնայ կոտորեցին մեծէն մինչեւ մանուկը, կիներէն մինչեւ պարմանիները: Եթէ Յիսուսի ծննդեան ժամանակ քանի մը հազար որդեկորոյս մայրեր, ծնողներ ողբացին Հեռաքելներու նման, մեր դժբախտ ազգը բիւրաւորներու վրայ ողբաց եւ սգաց:
Մենք կը շարունակենք, վերապրողներս, անխռով կերպով տօնել Ս. Ծնունդը եւ ըսել «Ձեզ եւ մեզ աւետիս, Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»:
ԽՈՐԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՃԷՄԵԱՆ

