Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ի Խնդիր Բացարձակին Հետ Մեր Բնակութեան…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր 2013-ի վերջին կիրակին է, որ զիս կը լեցնէ սրտաբուխ գոհունակութեամբ ու շնորհակալութեամբ:
Գոհունակութի՛ւնս` Աստուծոյ, որ տրուպիս պարգեւեց այս տարին` անոր բոլոր բերկրացուցիչ ու տրտմեցնող պարագաներով:
Շնորհակալութի՛ւնս Աստուածամօր, որ ինծի ընկերացաւ տասներկու ամիսներու հոլովոյթով` միշտ առընթերակայ իմ առօրեայիս մէջ:
Սակայն, գոհունակութեանս եւ շնորհակալութեանս կը համընթանան ստրջանքն ու զղջումը, որոնք զիս կը դարձնեն աւելի՛ մարդկային եւ մարդկայնական, աւելի՛ հայ ու հայկական, աւելի՛ քրիստոնեայ եւ քրիստոսական…:
Ստրջա՛նքս, որ չկրցայ դեռ աւելի համապատասխանել Տիրոջ շնորհներուն եւ իրագործել Տիրամօր թելադրանքները:
Զղջո՛ւմս, որ խորազգաց ապաշաւ է իմ զանցառումներուս, թերացումներուս եւ մեղանչումներուս համար:
Հոգեմտաւոր այս մտորումներուս գիտակցական ելակէտն է ամավերջի հաշուեփակը, զոր ընելու է, ընդհանրապէս, ամէն իմաստուն անհատ, եւ, յատկապէս, ամէն ուղիղ հաւատացեալ, մանաւանդ, երբ տարեփակի ինքնաքննարկումը հրամայականն է այսօրուան ընթերցումին` երրորդ աւետարանիչէն:
Արդարեւ, Ս. եկեղեցին, որ կոչուած է իր զաւակներն առաջնորդելու յաւերժական երջանկութեան, անոնց ունկնդրել եւ անսալ կու տայ Ս. Ղուկասի «Մնասներու առակը» վերտառեալ հատուածին (Ղկ. 19,11-28):
Աստուածային Վարդապետին պատմած առակը, որ կեանքէն առնուած խորհրդանշային եւ այլաբանական պատկերն է, կը բաժնեմ երեք արարներու:
«Շնորհքն ու պարտականութիւնը» խորագիրն է առաջին արարին:
Իր ճամբորդութենէն առաջ` «իշխանազուն մը» յանձնեց գումար մը ծառաներէն իւրաքանչիւրին, որպէսզի շահագործէ եւ տոկոսով վերադարձնէ իր տիրոջ:
Աստուած, ամենագէ՛տ եւ ամենանաչա՛ռ Արարիչը, որ իր զաւակներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ երբեք, թէ՛ իւրաքանչիւր մարդու տուած է կարողութիւն, բարեմասնութիւն, թէ՛ գիտէ իր շնորհածին չափը եւ թէ՛ կը ճանչնայ ընդունակութիւնը շնորհեալին:
Ուրեմն, նախ` կայ ատակութիւններու եւ պարգեւներու տարբերութիւնը: Երկրորդ` տարբերութեան առկայութիւնը ո՛չ կողմնակալութիւն է եւ ո՛չ ալ անարդարութիւն է, այլ` միայն Բացարձակին տեսչութիւնն է, Գերագոյնին իմաստութիւնն է, Բարձրեալին սէրն է, Անեղին սրբութիւնն է, Ամենազօրին ճանաչողութիւնն է: Երրորդ` ամէն մարդ ստացած է շնորհ: Չորրորդ` ընդունածին համաձայն շահ պիտի ապահովէ: Հինգերորդ` շնորհին համեմատ շահագործում պիտի պահանջուի հաշուետուութեան ընթացքին:
«Հաշուեկշիռն ու վարձատրութիւնը» վերտառութիւնն է երկրորդ արարին:
Վերադարձին` իշխանազունը հաշուեյարդարի կանչեց իր ծառաները, որոնք միայն շնորհապարտ են իրենց տիրոջ…:
Ուրեմն, նախ` ուշ կամ կանուխ տեղի պիտի ունենայ Տիրոջ դատ-դատաստանը: Երկրորդ` ամէն մարդ պիտի ներկայանայ Աստուածային Դատաւոր-Թագաւորին: Երրորդ` միայն Աստուծոյ արդարութիւնը պիտի կիրարկուի: Չորրորդ` իւրաքանչիւրը պիտի դատուի ընդունածին համեմատ իր բերրիութեամբ: Հինգերորդ` պտղաբերը, որ հաւատարիմն է, պիտի վարձատրուի` արժանանալով Ամենագէտին տեսութեան եւ սիրոյն: Վեցերորդ` վարձատրութիւնը պիտի չըլլայ միայն խօսքով, թէ «լա՛ւ, ազնի՛ւ եւ բարի՛ ծառայ» (Ղկ. 19,17), այլ նաեւ գործով.«Շատ լաւ ըրիր, բարի՛ ու հաւատարի՛մ ծառայ: Մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մտթ. 25,21):
«Անշահագործումն ու դատապարտումը» վերնագիրն է երրորդ արարին:
Հարցաքննութեան պահն է երրորդ խմբակին, զոր հոս կը կազմեն «չար», «ծոյլ», «դատող», «բամբասող», «վարկաբեկիչ», «ունայնամիտ», «ամէն բան գիտցող», «վախկոտ» եւ «ձեռնածալ» անձեր:
Ուրեմն, նախ` այսպիսի անձ մը ունի գէշ խիղճ: Երկրորդ` նոյնիսկ կը քննադատէ իր Տէրը: Երրորդ` չի գիտակցիր Տիրոջ իշխանութեան եւ պատասխանատուութեան` իւրաքանչիւրին տալու իր պարտականութիւնը: Չորրորդ` պարտազանցը, որ չհամապասխանողն է Աստուծոյ շնորհին, ինքզինքը կ՛ենթարկէ պատուհասին: Հինգերորդ` պատուհասը Դատաւոր-Թագաւորին անյետսկոչելի վճիռն է արքայութեան հեռացումէն ու գեհենին դատապարտութեան: Վեցերորդ` այսպիսի անձ մը միայն մէ՛կ անգամ եւ մէ՛կ պահ մը, երբ արդէն շատ ուշ պիտի ըլլայ ներումի, պիտի լսէ իր յաւիտենական դատապարտումը. «Տէրը պատասխանեց անոր. «Չա՛ր եւ ծո՛յլ ծառայ (Մտթ. 25,26): Քու խօսքերուդ համաձայն պիտի դատեմ քեզ, չա՛ր ծառայ: Գիտէիր, որ խստապահանջ եմ…» (Ղկ. 19,22): Առէ՛ք ասկէ տուածս ու զինքը` այս ապիկար ծառան նետեցէ՛ք արտաքին խաւարին մէջ, ուր լաց է եւ ակռաներու կրճտում կայ լոկ» (Մտթ. 25,28 եւ 30):
Եզրակացութիւնը: Առաջին` քրիստոնեան, ընդհանրապէս, եւ քրիստոսականը, մասնաւորապէս, չեն կրնար մերժել իրենց պատասխանատուութիւնն ու զանց առնել իրենց պարտականութիւնը: Երկրորդ` ամէն մարդ գործակցելու է իրեն «յերկնուստ» տրուած շնորհին ու շնորհքին: Երրորդ` իմ փոքր ու կարճատեւ կեանքս կ՛ունենայ արժէք եւ արժանիք Տիրոջ յաւերժութեան համար, երբ զայն կ՛ապրիմ աստուածասիրութեամբ, ընկերասիրութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ:
Այնճար, 29 դեկտեմբեր 2013

