Վիճայարոյց Պարտադիր Կուտակային Օրէնքը Ուժի Մէջ Մտաւ
1 յունուար 2014-էն ուժի մէջ մտած է վիճայարոյց ու բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը: Պարտադիր դրոյթը կը վերաբերի 1 յունուար 1974-էն ետք ծնած բոլոր անձերուն: Անոնց աշխատավարձին 5-10 առ հարիւրը` աշխատավարձին համաձայն, պարտադիր կերպով պիտի փոխանցուի կուտակային մասնաւոր հիմնադրամներու եւ միայն թոշակի տարիքի հասնող կուտակողները պիտի կարենան օգտագործել իրենց նիւթական այդ միջոցները:
Յիշեցնենք նաեւ, որ այս մէկուն պարտադիր ըլլալու հարցը Սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու դիմում ներկայացուցած էին Ազգային ժողովի ոչ համաձայնական կուսակցութիւնները:
CATEGORIES Հայկական

