Բանտարկուած Նշանեանը Կը Խոստանայ Պայքարը Շարունակել

Sevan_Nisanyan«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ բառարանագէտ ու շինարար Սեւան Նշանեան հինգշաբթի, 2 յունուարին յանձնուեցաւ Թորպալըի բանտի վարչութեան ու բանտարկուեցաւ երկու տարուան պատիժով: Նշանեանի դէմ քաղաքական բնոյթի անհամար դատեր բացուած են, բայց այս դատապարտումը եկած է Շիրինճէի մէջ առանց արտօնութեան կառուցուած տուներուն համար:

Նշանեան բանտ մտնելէ առաջ խօսեցաւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ ու ըսաւ, որ կեանքը բանտին մէջ ալ կը շարունակուի եւ ինք վարժուած է բանտարկուելու, իսկ բանտէն ելլելէ ետք պիտի շարունակէ իր պայքարը:

Նշանեան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը խայտառակ վիճակի մէջ է եւ ասիկա այլեւս ամէն մարդ գիտէ: «Թուրքիոյ մէջ այլեւս գոյութիւն չունի խելք, խղճմտանք ու մարդասիրական զգացում: Այսօրուան խնդիրը Կիւլենի համայնքին կամ դատախազներուն խնդիրը չէ՛, խնդիրը շա՛տ աւելի խորունկ է: Ես բանտէն ելլելէ ետք ալ պիտի շարունակեմ պայքարիլ», աւելցուց ան:

Share this Article
CATEGORIES