Փրկութեան Մեր Բաժինը

«… Անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի
Անիկա Իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»:
(Մատթ. 1.21)

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը մեր անխաղաղ վիճակներուն մէջ կը տօնենք դարձեալ: Անցնող տարուան ընթացքին եւս, մեր ապրած երկիրներուն մէջ խաղաղութեան ջանքերը վրիպեցան, եւ մենք մատնուեցանք վախի ու սարսափի. տակաւին կը շարունակուին ահաբեկչութեան եւ պատերազմի սպառնալիքները, հակառակ խաղաղութեան ի խնդիր տարուող բոլոր աշխատանքներուն: Խոստումները եւս կը կրկնուին, հակառակ յուսախաբութիւններուն եւ անոնցմէ ծնած անվստահութեան: Իսկ այս մթնոլորտին մէջ տօնել Խաղաղութեան Իշխանին Ս. Ծնունդը քրիստոնեայ մարդէն, եւ յատկապէս հայ մարդէն կը պահանջէ հաւատքի զօրութիւն, յոյսի համբերութիւն եւ սիրոյ հնազանդութիւն:

Տօնակատարութեան արտաքին երեւոյթներէն անդին, երբ շուկայական պտոյտները եւ գնումները վերջ կը գտնեն, երբ խնճոյքները եւ պարահանդէսները կը դադրին, երբ կ՛աւարտին կրօնական ծէսերն ու պաշտամունքները, մենք պէտք է յիշենք, թէ Աստուած Իր ընելիքը ըրած է եւ կ՛ընէ Իր ծրագիրին համեմատ: Իսկ այդ ծրագիրին ամբողջացումը մեր ժամանակներուն մէջ` մեր ընելիքն է իրապէս: Աստուած մեր ընելիքը Ինք չ՛ըներ: Յիսուս` Փրկիչ անունը տրուեցաւ Ս. Ծննդեան Մանուկին, քանի որ «Ան Իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»:

Պէտք է գիտակցինք, թէ մեր մարդկային կացութիւններուն բուն պատճառը մարդուն մեղքն է: Ադամէն սկսեալ մեր մեղքն է, որ իր հետեւանքներով յառաջ կը բերէ ցաւ եւ տառապանք, անոր հետեւանքներն են պատերազմները եւ տարաժամ մահը. անով է, որ մարդ արարածը պատանդ կը բռնէ իր նման մարդը` պարտադրելու համար իր կամքը: Բոլոր ընչաքաղցութիւնները, իշխանամոլութիւնները, խաբէութիւնները եւ անարդարութիւնները մեղքի հետեւանք են: Կարելի է, որ մեր վիճակները իրենց իսկական արմատը ունին մեր մեղքին եւ կամ մեր նմաններուն մեղքին մէջ: Պէտք է անդրադառնանք, թէ մեր մեղքը կրնայ պատճառ ըլլալ ուրիշին ցաւին, եւ ուրիշինը` մեր տառապանքին: Աստուծոյ ըրածը Տէր Յիսուս Քրիստոսով` կ՛ազատէ մարդը մեղքի իշխանութենէն. այսինքն` ազատ կ՛ընէ մեզ, որ հրաժարինք մեղքէն եւ սահմանափակենք անոր ազդեցութիւնը մեր վրայ եւ մեր շուրջ: Չենք կրնար ըսել, թէ «պիտի մերժենք Աստուծոյ գործը եւ պիտի շարունակենք մեղքի վիճակը, բայց ջնջենք անոր ազդեցութիւնը»: Երբ ախտը տակաւին կայ` չենք կրնար ազատիլ անոր բերած հիւանդութիւններէն, նոյնիսկ` եթէ յաջողինք անոր հետեւանքները դարմանել երբեմն: Մեղքի ախտին հիմնական լուծումը Աստուած տուած է Յիսուս Քրիստոսով. Ան մեր «մեղքերէն պիտի փրկէ» մեզ:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը պէտք է վերածուի մեր վերստին ծնունդին: Ան «մեր սրտերուն մէջ պէտք է որ ծնի», որպէսզի Իր սէրը տիրէ մեր մէջ` յառաջ բերելով յոյս եւ հաւատք: Իսկ այս` կամքի գիտակից որոշում է. այս է մե՛ր ընելիքը: Աստուծոյ ընելիքը մենք չենք կրնար ընել: Մենք պէտք է ընենք մե՛ր բաժինը, մե՛ր ընելիքը, որ է զղջալ մեր մեղքին համար եւ թողուլ զայն: Այն ատեն ազատ պիտի ըլլանք մեղքի իշխանութենէն եւ ենթակայ պիտի չմնանք անոր ազդեցութիւններուն. ոչ թէ աշխարհէն եւ անոր վիճակներէն զերծ պիտի ըլլանք, այլ` այդ վիճակները պիտի չիշխեն մեզի: Մեր ժամանակներուն մէջ պիտի վայելենք ճշմարիտ աստուածապաշտութեան առաւելութիւնը` խաղաղութեամբ, ուրախութեամբ եւ բաժնեկցութեամբ:

Մեր աղօթքն է, որ Բեթղեհէմի Ս. Մանուկը մեզի եւ մեր ազգին պարգեւէ Իր զօրութիւնը` մեր հաւատքին գործնականացումով, նորոգէ մեր համբերութիւնը` մեր յոյսին հաստատումով եւ հնազանդ պահէ մեզ` արծարծելով մեր սէրը Իրեն նկատմամբ: Թող Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակէն սորվինք կատարել մեր բաժինը, որպէսզի մեր բոլոր վիճակներուն մէջ կարենանք տօնել Էմմանուէլը, որուն խոստումները «այո եւ ամէն են», եւ փրկութիւնը` կատարեալ:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի-մեզի մեծ աւետիս

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Պէյրութ, յունուար 2014

Share this Article
CATEGORIES