«Որպէսզի Աշխարհը Կրկին Անգամ Լեցուի Աստուծոյ Ճանաչողութեան Լոյսով»
«Այսօր, Բեթղեհէմի մէջ նոր Արքայ մը ծնաւ:
Ով մարդիկ, օրհնութեան երգ երգեցէք, որովհետեւ Ան մեզի համար մարմնացաւ»:
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, ամենաջերմ զգացումներով կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ կը մաղթենք, որ 2014 տարին նոր եւ աւելի վսեմ իրագործումներու առաջնորդող թուական մը ըլլայ բոլորին համար:
Ահաւասիկ, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուսի Քրիստոսի ծնունդը աւետող շարականին բառերը, դարձեալ կ՛ողողեն մեր սրտերը.
«Այսօր, Բեթղեհէմի մէջ նոր Արքայ մը ծնաւ:
Ով մարդիկ, օրհնութեան երգ երգեցէք, որովհետեւ Ան մեզի համար մարմնացաւ»:
Դարերու խորքէն եկող այս բառերը, իբրեւ նոր օրհնութիւն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով դարձեալ կը հնչեն հայ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որպէսզի տարածուին մեր սեփական յարկերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Հայոց պատմահօր` Մովսէս Խորենացիի գրիչին պատկանող այս բառերը, մեզի կը յիշեցնեն, թէ տարուան այս եղանակին, Աստուած դարձեալ կը յայտնուի իր ստեղծած աշխարհին մէջ, որպէսզի աշխարհը կրկին անգամ լեցուի Աստուծոյ ճանաչողութեան լոյսով ու յաւելեալ հաւատք, սրբութիւն, սէր եւ երկնային առաքինութիւններ ցոլան մեր ընկերութեան մէջ:
Բազմաժխոր մեր առօրեային մէջ ու ներկայ աշխարհէն եկող մարտահրաւէրներուն դիմաց, դիւրութեամբ չենք կրնար զգալ Տիրոջ ներկայութիւնը մեր մէջ եւ անդրադառնալ, որ իրօք, Քրիստոս դարձեալ կու գայ միանալու երկրի վրայ գտնուող իր հարազատներուն, որպէսզի զանոնք առաջնորդէ դէպի աստուածային անմահական գեղեցկութիւններ:
Արդ, սիրելի՛ հաւատացեալներ, մեր եկեղեցին է ապահով այն ժամադրավայրը, ուր կրնանք հանդիպիլ մարդացեալ Փրկիչին: Մեր եկեղեցին է այն եզակի երաշխիքը, որ կեանքի վերիվայրումներուն դիմաց, շարունակաբար վառ կը պահէ մեր հաւատքին ճրագը: Մեր եկեղեցին է այն դուռը, ուրկէ ներս մտնելով միայն մենք կրնանք սրբել մեր հոգիները, վերականգնել մեր հաւատքը եւ նոր արարած դառնալու ցանկութեամբ, հանդիպիլ Միածինին եւ անով վերագտնել նոր յոյս, նոր ու ամբողջական յարաբերութիւն Աստուծոյ հետ:
Հետեւաբար, տարուան այս եղանակը այն առիթն է, որ մենք մեր անձերուն մէջ դարձեալ պարտինք փնտռել մեր եկեղեցին, որպէսզի Ս. Ծնունդով յայտնուող Աստուծոյ սիրոյն ճառագայթը հեղ մը եւս թափանցէ մեր հոգիներուն խորքը եւ անցեալէն ժառանգուած մեր դարաւոր քրիստոնէական առաքինութիւններուն ու հաւաքական ձգտումներուն ուղիով, մեր մէջ վերակենդանացնէ մեր ազգային հարազատ հաւատքն ու կամքը:
Սիրելի՛ հարազատներ,
2013 տարեշրջանը կը փակենք բեռնաւորուած լուրջ մտահոգութիւններով ու դժուարութիւններով: Լիբանանի տարածքին, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մտահոգութիւնները կը շարունակեն ժխտականօրէն ազդել մեր աշխատանքներուն վրայ եւ վաղուան անստուգութիւնը կը ջլատէ մեր կամքն ու կարողականութիւնը: Մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ զանգուածը` սուրիահայութիւնը կը գտնուի ծանր հանգրուանի մը դիմաց:
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, նախ գոհութիւն եւ փառք տանք բարձրեալն Աստուծոյ, որ անցնող բոլոր ժամանակներուն, իր տիրախնամ հոգածութեամբ, առիթ ընծայեց, որ ազգովին, հաւատքով ու աշխատանքով, շարունակենք մնալ կեանքի պատուանդանին վրայ:
Աղօթենք, որ Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւուած ամանորեան ու Ս. Ծննդեան այս առիթները մեզ առաւել եւս մօտեցնեն մեր եկեղեցւոյ, որպէսզի մենք կարենանք աւելի եւս մօտենալ Աստուծոյ ու հայութեան հոգիին եւ անշեղ քայլերով յառաջանալ դէպի յոյսերու ամբողջական պսակում:
Աղօթենք, որ ի յաւերժութիւն մեր ժողովուրդին, Աստուած իր տիրախնամ հովանաւորութեամբ, փորձանքները հեռացնէ մեր աշխարհէն ու մեր ժողովուրդի կեանքէն եւ տեւող խաղաղութիւն, երջանկութիւն ու բարգաւաճ օրեր շնորհէ համայն մարդկութեան:
Աղօթենք, որ մարդացեալ Քրիստոսով դարձեալ նոր խանդ ու եռանդ հաստատուի մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ: Աղօթենք, որ հինը թօթափելով, այսուհետեւ մենք սիրոյ, եղբայրութեան ու փոխադարձ յարգանքի նոր կեանք գտնենք մեր խռովեալ աշխարհին մէջ:
Աւելի քաղցր, աւելի շնորհալի եւ խաղաղ օրերու ակնկալութեամբ, ամանորեան այս մթնոլորտին մէջ, նժարի վրայ դնենք անցնող տարուան մեր ճիգը եւ ի խնդիր հայութեան առաւել ամրութեան ու հայ եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան, Աստուծմէ քաղենք նոր ուժ ու կորով, որպէսզի ապահով հասնինք անհատական ու հաւաքական մեր յոյսերու պսակումին:
Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս. Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Մնամ սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

