«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻԱՍԻՆ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԱՌԻԹԸ ՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՂԸՇ

Էկեմեն Պաղըշ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ երէկ Անգարայի մէջ թուրք, հայ եւ ամերիկացի լրագրողներու պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա եւ Հայաստան երկու ժողովուրդներուն ու երկիրներուն ապագային յաւելեալ տառապանք կրելը կանխարգիլելու համար միասին գործելու առիթ ունին:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` Պաղըշ յայտնած է, որ թէ՛ հայ եւ թէ՛ թուրք ժողովուրդները այդ թուականներուն տառապած են, սակայն պատմութիւնը կարելի չէ փոխել` աւելցնելով, որ երկու կողմերը տակաւին առիթը ունին միասին գործելու: Նշելով, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները քաջ քայլեր առած են, Պաղըշ ըսած է, որ պէտք է հոլովոյթը շարունակել:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ան յայտնած է, որ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը Թուրքիոյ համար զգայուն հարց է` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հարցերը կարելի չէ անտեսել: Ան ըսած է, որ Թուրքիա իր դրացիներուն հետ «զերօ հարցեր» կ՛ուզէ, սակայն նաեւ կ՛ուզէ, որ իր դրացիները եւս իրենց դրացիներուն հետ «զերօ հարցեր» ունենան:

«Մենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ մնայուն լուծում մը կ՛ուզենք», յայտնած է թուրք նախարարը` աւելցնելով, որ եթէ երկու երկիրները լուծումի մը հասնին, շրջանին մէջ բազմաթիւ առիթներ պիտի ստեղծուին եւ այդ մէկը ի շահ բոլոր երկիրներուն պիտի ըլլայ:

Պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացման կարելիութեան մասին հարցումի մը` Պաղըշ յայտնած է, որ ինք կը կարծէ, թէ սահմանը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իրարու ձեռք թոթուելէն ետք օր մը կրնայ բացուիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES