ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ. ԱՐԹՈՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ՀԱԿԱԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի ղեկավար Արտաշէս Աւոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան 24 յունիսին պիտի մեկնի Իրան` մասնակցելու յաջորդ օրը սկսող «Պայքար ահաբեկչութեան դէմ» միջազգային խորհրդաժողովին:

Յիշեցնենք, որ 19 յունիսին Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ` քննարկելով շրջանին իրավիճակը:

Իսկ մինչ այդ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով` Ահմատինեժատ կը պատրաստուէր 6 յունիսին Հայաստան այցելելու, սակայն վերջին պահուն կողմերուն փոխադարձ համաձայնութեամբ այցելութիւնը յետաձգուեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES