ՍԱՖԱՏԻ. «1993-ԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ԲՈԼՈՐ ՀԱՇԻՒՆԵՐԸ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ»
Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը 1993-էն սկսեալ իր բոլոր հաշիւները քննութեան պիտի ենթարկէ եւ հաշուետուութիւն պիտի պահանջէ` արձանագրուած սխալներուն համար:
Սաֆատի յայտնեց, որ թափանցիկութիւնը ելեւմուտքի նախարարութեան համար անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ իրեն համար կարեւոր է, որ ելեւմուտքի նախարարութեան աշխատանքները ըլլան թափանցիկ:
Սաֆատի զարմանք յայտնեց հակառակորդ քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութեան կազմութեան դէմ ցուցաբերուած յարձակողական կեցուածքին համար` շեշտելով, որ այդ կեցուածքներուն պատասխանը պիտի տրուի կառավարութեան աշխատանքին ընդմէջէն:
Սաֆատի նկատել տուաւ, որ ինք ամէն ջանք պիտի թափէ, որ կառավարութեան պարտադրած տուրքերու դրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի` շեշտելով, որ առանց քաղաքացիին ծառայութիւն մատուցելու ոչ մէկ տուրք պէտք է պարտադրուի անոր վրայ:

