Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Աննշան հարցերը խոշորացոյցով մի՛ դիտէք, որպէսզի ձեր օրը չխանգարուի: Թեթեւի առէք ձեր լսած անհաճոյ լուրերը եւ ժպտեցէք: Տարին սկսեցէք լաւատեսութեամբ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նախքան ձեր խօսքը արտայայտելը, երկու անգամ ձեր լեզուն պահեցէք, ապա խոհեմութեամբ ըսէք ձեր սրտին մէջ կուտակուած հարցի մասին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի կարծէք, թէ ուրիշներ ձեզմէ աւելի լաւ վիճակի մէջ կ՛ապրին: Դուք կրնաք յաղթահարել ձեր նկատած դժուարութիւնները, որոնք խորքին մէջ անտանելի բաներ չեն: Հանդարտ մնացէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր մասին լաւ վկայութիւններ պիտի լսէք: Ձեզի կը մնայ ըլլալ լաւատես եւ ոչ կասկածամիտ: Ունիք ուրախանալու լաւ առիթներ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հաստատ մնացէք ձեր որոշումին վրայ, առանց կասկածամտութեան: Եթէ կրնաք յաւելեալ տեղեկութիւններ բաշխեցէք տուեալ հարցին մասին եւ գործադրեցէք ձեր որոշումը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Չափազանց յոգնութիւններէ հեռու մնացէք: Նոյն ատեն քանի մը որոշում իրագործելէ խուսափեցէք: Աշխատեցէք հանդարտ, առանց աճապարելու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ նիւթական ծանր պարտաւորութիւններ պահանջող գործի մը պիտի ձեռնարկէք, նախապէս լաւ սերտեցէք ձեր պիւտճէին կարելիութիւնը, ապա գործի անցէք: Դուք ձեզ մի բեռնաւորէք անգիտակցաբար:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հին օրերու բարեկամ մը օգնութեան պիտի հասնի ձեզի` ձեր նիւթական հարցին նոր ուղղութիւն մը տալու: Ինքնագլուխ մի՛ գործէք: Մասնագէտներու կարծիքը նկատի առէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, առանձնաբար որոշում մի՛ տաք: Ընկերոջ մը ընկերակցութիւնը անհրաժեշտ է այս պարագային:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատանքները եւ ձեր ծառայութիւնը նկատի պիտի առնուին նիւթապէս եւ բարոյապէս: Օրուան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենաք սիրելի անձերու հետ: Օրը ունի հաճելի անակնկալներ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ժամադրութիւնը յարգեցէք, որպէսզի ձախողութիւն մը չունենաք ուշանալու պատճառով: Օրը բախտաբեր է, հետեւեցէք աշխատանքային ձեր ծրագրին, որպէսզի խախտումներ չունենաք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մոռացումը կրնայ խանգարել ձեր որոշած գործերուն իրագործումը: Որքան որ կրնաք հետամուտ եղէք օրը օրին աւարտելու ձեր խոստացած գործը:

Share this Article
CATEGORIES