50 Տարի Առաջ (8 Յունուար 1964)

Ս. Ծնունդի Տօնը Լիբանանի Մէջ

Ս. Ծնունդի տօնը այս տարի աննախընթաց շուքով, ջերմեռանդ հաւատքով եւ վառ յոյսերով տօնուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ:

Կիրակի, 5 յունուարի յետմիջօրէի Խթումի Ս. պատարագին, բոլոր եկեղեցիներու մէջ խուռներամ հաւատացեալներ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութեանց եւ յաւարտ Ս. պատարագի, Ս. Ծնունդի քրիստոնէական խորհուրդին իմաստով ներշնչուած, բազմահազարներ Ս. հաղորդութիւն ստացան:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

Անհամար ընտանիքներ, մինչեւ ուշ գիշեր, Աստուածորդւոյն ծննդեան Աւետիսը տօնեցին:

Դպրաց երգեցիկ խումբեր, ոմանք նուագարաններու ընկերակցութեամբ թաղէ թաղ, տունէ տուն շրջապտոյտ կատարելով, մինչեւ արշալոյս Ս. Ծնունդը աւետեցին. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ…»:

Երկուշաբթի, 6 յունուարի մթնշաղէն առաջ, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ բոլոր զանգակները սկսան ղօղանջել` աւետաբեր ուրախութեամբ:

Տօնական օրերու զգեստաւորումով շքեղացած, մեծն ու պզտիկը փութացին դէպի եկեղեցի:

Բոլոր եկեղեցիները անխտիր, իրենց բակերով շուտով լեցուեցան հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հայրապետական հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսը:

Բակը լեցուած հաւատացեալներ հոգեպարար արարողութիւններուն հետեւեցան բարձրախօսներով:

Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

«Հայր մեր»-էն առաջ, վեհափառ հայրապետը իր քարոզը սկսաւ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն…» եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի Հայաստանեայց դարաւոր աղօթքին սքանչելի բառերով:

Իր հոյակապ քարոզին վերջաւորութեան կաթողիկոսը ըսաւ.

«Ս. Ծննդեան այս հրաշալի տօնին առթիւ, ի բոլոր սրտէ կ՛աղօթեմ, որ Յիսուս Քրիստոս անսասան պահէ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին եւ անոր նուիրապետական Ս. աթոռները եւ սիրոյ ու խաղաղութեան մէջ պահէ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայ ժողովուրդը:

«Կ՛աղօթենք մեր գեղեցիկ Լիբանանի բարգաւաճման ու անոր ազնիւ ժողովուրդին բարօրութեան համար եւ կը մաղթենք արեւշատութիւն անոր արդարադատ եւ լուսամիտ նախագահին»:

Վեհափառին քարոզն ու արարողութիւններուն մէկ մասը ձայնասփռուեցան:

Ս. պատարագէն ետք, ամբողջ օրը վեհափառը, կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ շնորհաւորական այցելութիւնները ընդունեց պետական եւ յարանուանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, պետական հայ երեսփոխաններուն, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ ազգայիններու:

Ն. Ս. Պապի ընդունելութեան առթիւ, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս  ընկերակցութեամբ Գարեգին եւ Արտաւազդ Ծ. վարդապետներու Երուսաղէմ մեկնած ըլլալով` Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Մաշտոց վրդ. Յովսէփեան:

Երգեցողութիւնները քառաձայն երգուեցան դպրաց դասի երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Վարդան Սարայտարեանի:

Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Գնել եպս. Ճէրէճեան:

Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տրդատ վրդ. Քէշիշեան: Կոմիտասեան քառաձայն երգեցողութիւնը երգուեցաւ «Շողակաթ» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Ս. Համպոյեանի:

Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Եղիշէ աբղ. Մանճիկեան:

Միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նմանապէս տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագներ քառաձայն, Եկմալեան կամ Կոմիտասեան եղանակով եւ աւուր պատշաճի քարոզներ խօսուեցան:

Ջրօրհնէքի Կարգն ու Ս. Մկրտութիւնը եւս տեղի ունեցան հանդիսաւորապէս եւ աւանդական սովորութեամբ, հաւատացեալներ, իրենց տուները տարին մկրտութեան օրհնուած ջուրէն:

Երեքշաբթի, 7 յունուարին Յիշատակ Մեռելոց: Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ:

 

Համազգայինի
Ս. Ծննդեան Հանդիպումը

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի կազմակերպած Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յունուար 1964-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Համազգայինի Վասպուրական սրահին մէջ: Անդամներ եւ համակիրներ շուտով մտերիմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Ս. Նշանի դպրաց դասի «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականի երգեցողութենէն ետք, միութեան ատենապետ Շաւարշ Թորիկեան խօսք առնելով շնորհաւորեց ներկաները` Ս. Ծնունդի տօնին առթիւ եւ թուեց այն ծրագիրները, զորս որոշած է գործադրել վարչութիւնը 1964-ի ընթացքին:

Այնուհետեւ, հրաւիրեց Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան նախագահ եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանը` իր խօսքը ըսելու:

Ի մէջ այլոց Ս. Վրացեան եզրակացնելով իր խօսքը ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը կը գտնուի խաղաղութեան եւ արդարութեան 1964 տարուան սեմին, եթէ իրապէս կանգնած ենք խաղաղութեան կայունացման եւ տեւականացման երկունքին առջեւ:

«Աշխարհ առաջ գացած է եւ մարդիկ չեն դառնար այն պայմաններուն, որոնք անցեալին կը պատկանին:

«Արդարութեան իրագործումէն առաջ կը կարծեմ, կարեւորը այն է, որ ջանանք պահել մեր ինքնուրոյնութիւնը: Զոհ չդառնանք պայքարներու, որպէսզի նոր աշխարհին մէջ կարենանք ունենալ մեր տեղը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES