«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Վեհափառին Կաթողիկոսական Օծումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Այսօր վերստին նորոգուեցաւ քահանայական գաւազանն գեղեցկապէս ծաղկեալ պայծառութեամբ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. վեհափառին կաթողիկոսական օծումը տեղի ունեցաւ 12 մայիս 1963-ին: Երկուշաբթի, 13 մայիսի թիւով «Ազդակ» լայնօրէն անդրադարձած է օծման հոգեպարար արարողութեան:
*
* *
Կիրակի, 12 մայիս, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, հանդիսաւոր արարողութիւններով տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ազգընտիր կաթողիկոս Խորէն Ա.ի օծման փառաշուք հանդիսութիւնը, որ ցնծութեան տօնի վերածուեցաւ, հպարտութեան եւ ոգեւորութեան խանդագին ապրումներով:
Օծման այս փառահեղ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, երեսփոխան Ֆուատ Նաֆֆահ, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահը, հանրօգուտ շինութեանց նախարար` Փիեռ Ժըմայէլ, պետական երեսփոխաններ` Էլիաս Խուրի, Անթուան Սեհնաուի, Մորիա Ժըմայէլ, Մոհսէն Սլիմ, զօրավար Ճեմիլ Լահուտ, Շարլ Սաատ, Հապիպ Մութրան, Ժոզեֆ Չատէր, Լուի Ապու Շարաֆ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան ու Վարդգէս Շամլեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Արեւմտեան Գերմանիոյ, Քանատայի, Փորթուգալի, Սուտանի դեսպանները, ֆրանսական դեսպանատան ներկայացուցիչը եւ դիւանագիտական մարմնի այլ անդամներ:
Հանդիսաւոր արարողութեանց հետեւեցան նաեւ Լիբանանի կրօնական բոլոր համայնքներու պետերը կամ անոնց ներկայացուցիչները, շուրջ քսան հոգեւորականներ:
Արեւածագէն առաջ, հաւատացեալ հայ ժողովուրդը, անընդհատ ընթացքով կը հոսէր դէպի Անթիլիաս:
Շրջափակ, տանիքներ, պարտէզներ կը հեւային ժողովուրդի խիտ բազմութիւններու շունչով: Եռուզեռ ամէնուրեք, խանդավառ ձայներու համանուագ:
Հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ, իր աւանդութեանց նախանձախնդիր հա՛յ ժողովուրդն էր, ծովածաւալ բազմութեամբ:
Հեռաւոր Ամերիկայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն անհամար ուխտաւորներ եւ առաւելաբար Լիբանանէն եկած հայութիւնն էր, համախմբուած իր հոգեւոր հայրենիքին` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ոգեկան ոլորտին մէջ:
Համազգային մեծ եղբայրութեան սրտազեղ ու հոգեգրաւ վիճակ մը պարզուած էր:
Կեդրոնական կարգադիր յանձնախումբի հսկողութեամբ, կարգադիր յանձնախումբեր, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, Կիպրոսի ՀԵՄ-ի սկաուտական 77-րդ խումբը կը հսկէին կարգապահութեան:
Մայր տաճարի զանգակները կը ղօղանջէին անդադրում:
Ժամը 9:10-ին կը շարժի հսկայական թափօրը, որ շքեղօրէն մուտք պիտի գործէր Մայր տաճար:
Վեհարանի աւագ դրան առջեւ, յաղթականօրէն կը բարձրանայ Մեծ Խաչը, զոր բռնած էր Նարեկ քահանայ Շրիգեան:
Խաչին ետեւէն կու գար հովուապետական գաւազանը «ընդ հովանեաւ Խաչի»: Ասայակիրն է Զոհրապ սարկ. Պէրպէրեան: Գուրգէն աբեղայ Թրթռեան բռնած էր Միւռոնի աղաւնին բարձրադիր, ծածկուած ճերմակ քողով: Ոսկեսկիհը բռնած էր հոգշ. Տ. Բաբգէն աբեղայ Թօփճեան, իսկ Վեհին քողը եւ կոնքեռը կը տանէր Սուրէն աբղ. Գաթարոյեան:
Ասոնց կը յաջորդէր Կոմիտաս երգչախումբը, զոյգ շարքերով երկսեռ, զօրացուած Ս. Նշանի երգչախումբով:
Քառասունէ աւելի քահանայ հայրերու երկշարք դասին կը յաջորդէին աբեղաներու, վարդապետներու եւ թեմակալ առաջնորդներու դասերը: Կու գային մոմակիրներն ու ջահակիրները: Արա սարկ. Մանճիկեան եւ Յակոբ սարկ. Թապագեան բռնած էին Գառն Աստուծոյ ոսկեթել ձեռագործը: Բուրվառակիրներն էին Մաշտոց աբեղայ Յովսէփեան եւ Եզնիկ աբեղայ Բալայեան:
Այնուհետեւ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, Հայրիկ արք. Արսլանեան, լուսարարապետ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի, Տաճատ Ս. արք. Ուրֆալեան, Արտակ Ս. արք. Մանուկեան, Հրանդ եպս. Խաչատուրեան եւ Սահակ եպս. Այվազեան, եպիսկոպոսական հանդերձանքի փառաւորութեան մէջ, վեհարանի աստիճաններու բարձունքէն իրենց երեւումին, կ՛օրհնեն հաւատացեալ ժողովուրդը: Խանդավառ ծափերը վերջ չունին:
Խանդավառութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին, երբ ամպհովանիի տակ կ՛երեւայ վեհափառ հայրապետը, որուն կը սպասարկէին Երուանդ վրդ. Աբէլեան եւ Վարդան վրդ. Տէմիրճեան:
Ամպհովանին բռնած էին պետական հայ երեսփոխան եւ ազգային բարերար Սուրէն Խանամիրեան, ազգային բարերար Խորէն Թահան, թեհրանահայ ազգային բարերարներ, Մարգար Սարգիսեան եւ Ճպրայէլ Սահակեան:
Արարողապետն էր Գարեգին վրդ. Սարգիսեան:
«Հրաշափառ»-ի ցնծուն ու խանդալից շեշտերով կը լեցուի տաճարը: Ս. պատարագը կը մտնէ իր հանդիսաւոր ընթացքին մէջ:
«Առաջադրութեան» պահն է: Ապա, վարագոյրը կը բացուի եւ վեհափառ հայրապետը կը խնկարկէ:
Պատարագի հանդիսաւորութեան մասնաւոր փայլ կու տար մօտ 100 հոգինոց «Կոմիտաս» երգչախումբը, զօրացուած Ս. Նշանի երգչախումբով: Երգեցողութիւնները կը կատարուէին Եկմալեան եղանակով քառաձայն, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի: Սարկաւագի բաժնի երգեցողութիւնը կը կատարէր Արա Կիրակոսեան, իր տիրական եւ գրաւիչ ձայնով:
Ս. պատարագը եւ օծման արարողութիւնը կը ձայնասփռուէր: Խօսնակի դերը կը կատարէր Արսէն վրդ. Աւետիքեան, որ մէջ ընդ մէջ կը նկարագրէր օծման հանդիսութիւնը, շարականներու եւ Թէքէեանի հիասքանչ էջերէն մէջբերումներ ընելով:
Ս. պատարագը կը հասնի մինչեւ Ճաշու ժամը: «Զի ողորմած եւ մարդասէր ես»: Պատարագի ընթացքը կանգ կ՛առնէ եւ կը սկսի օծման արարողութիւնը:
Ընտրեալ հայրապետը ծունկի կու գայ բեմին վրայ ու Ս. սեղանին առջեւ իր ուխտը կը կատարէ առաջի Աստուծոյ եւ Ս. Եկեղեցւոյ:
Կը սկսի երգուիլ ձեռնադրութեան երգը. վեհափառը ծունկի կու գայ երեսը ժողովուրդին եւ ձեռքերը բազկատարած կ՛աղօթէ…: Չի կրնար զսպել արցունքները: Յուզիչ է պահը: Յուզուած են նաեւ հաւատացեալները ու արցունք կայ բոլորի աչքերուն մէջ:
Առաջին մեծ աղօթքը կը կարդայ Հայրիկ Սրբազան: Ճաշու գիրքը կը կարդայ Տաճատ սրբազան, իսկ Աւետարանը` Հրանդ սրբազան:
Ձեռնադրութեան արարողութիւնը կանգ կ՛առնէ: Կը շարունակուի Ս. պատարագը մինչեւ «Ողջոյն»: Կը վերսկսի Օծման արարողութիւնը:
«Աստուած Մեծ» ձայնաւոր քարոզի երգեցողութեամբ եւ երկար աղօթքով մը, որ կը կարդայ Արտակ սրբազան, կը սկսի Ս. Միւռոնով օծումը:
Ղեւոնդ սրբազան կ՛երգէ «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականը եւ եպիսկոպոսական դասի ընկերակցութեամբ կ՛երգուի «Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի գագաթն Տէր Խորէն կաթողիկոսին, այս նշանաւ…»:
Ղեւոնդ սրբազան, միւռոնը աղաւնետուփէն կը հեղու Վեհի գագաթին, ուրկէ վեց եպիսկոպոսներու բթամատներով ճառագայթաձեւ, կը տարածուի դէպի վար, խորհրդանշելով աստուածային շնորհի հեղումը վեհափառին եւ անկէ տարածումը իր հօտին` հաւատացեալներու բազմութեան վրայ:
Պահը հասած է իր գերագոյն խորհրդաւորութեան: Եւ ահա, այդ խորհուրդը կը վարագուրուի թափանցիկ շղարշովը հայրապետական քողին, ձեռամբ Ղեւոնդ սրբազանի, որ անմեղութեան ու բարութեան, սրբութեան եւ ներշնչութեան կերպարանքովը կը պարուրէ պայծառ դէմքը վեհափառ հայրապետին:
Մէջքին աջ կողէն կ՛անցուի նաեւ կոնքեռը, խորհրդանշան հովուապետական իր իշխանութեան:
Օծեալ հայրապետը կը բազմի բեմին վրայ զետեղուած աթոռին, կ՛երգուին շարականները, կը կարդացուի սաղմոս:
Սահակ եպիսկոպոս կը կարդայ արարողութեան վերջին Աւետարանը: Ն. Ս. Օծութիւնը իր հայրապետական առաջին Ողջոյնը կու տայ:
Այնուհետեւ, օծեալ վեհին աջն ու գագաթը աստիճանական կարգով կը համբուրեն եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, աբեղաներ եւ քահանաներ, յայտնելով իրենց հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը:

Նորին Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսին անդրանիկ օրհնութիւնը
Նորաօծ հայրապետը իր անդրանիկ օրհնութիւնը կու տայ:
Երուսաղէմի Ս. Աթոռոյն լուսարարապետ Հայրիկ արքեպիսկոպոս, Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռոյն եւ Պատրիարքին անունով կը շնորհաւորէ նորաօծ վեհափառը:
«Կը ծաղկի այսօր դարաւոր եւ պատմական Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իշխանութեան գաւազանը` օծումովը Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորէն Ա. Հայրապետին:
Կաթողիկոսական օծումը զուր չէ որ հոգեկան անանց հրճուանքի եւ հպարտանքի առիթ մը կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդին համար. վասնզի կը բացուի իր հոգիին մէջ` ինչպէս անցեալի իր փառքի ու մեծութեան` նոյնպէս նաեւ ներկայ իրականութեան պարծանքի ու մխիթարութեան առիթը: Եւ հայ ժողովուրդը կը հաւատայ խորապէս թէ ինք ապրած է դարերու խուժ ու դուժ վայրագութեանց դիմաց շնորհիւ իր Ս. եկեղեցիին, որ պահպանակը եղած է իր իմացական, հոգեկան, ֆիզիքական, բարոյական, գեղարուեստի ու գրականութեան, նուիրական աւանդութեանց ու սրբութեանց եւ իր տոհմային անխորտակելի գոյութեան: Ու այս հաւատքով եւ յոյսով կը մխիթարուի ան, որովհետեւ ոչ միայն փառաւոր ու անցեալով հարուստ պատմական աթոռի մը հոգեւոր վերահաստատումը կ՛ողջունէ այսօր, այլ եւ կը հաւատայ անխաբ յոյսով եւ վստահութեամբ թէ սփիւռքի յարափոփոխ եւ երերուն տարածքին վրայ նախախնամական մեծ դեր մը սահմանուած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ` ազգապահպանման գործին մէջ: Երուսաղէմի Ս. Աթոռը վաղուց ի վեր տեսած ու գնահատած է Կիլիկիոյ աթոռին այս դերն ու դիրքը եւ միշտ ունեցած է սիրալիր եւ բարւոք յարաբերութիւն` անոր նախորդ բոլոր գահակալ կաթողիկոսներուն հետ, եւ այսօր ալ նորին ամենապատուութիւն Եղիշէ պատրիարք հայրը եւ Ս. Յակոբեանց ուխտանուէր Միաբանութիւնը հոգեկան ցնծութեամբ ու խոր գիտակցութեամբ կ՛ողջունեն Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսի գահակալութիւնը յԱթոռ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, նոր գնահատական զգացումներով:
Օծեալ վեհը` հոգեւորական իր ասպարէզին մէջ ի յայտ բերած է առաջնորդական փոխանորդի, Դրան եպիսկոպոսի ու մանաւանդ Լիբանանի երկարամեայ թեմակալի իր գործունէութեան մէջ` ճարտարութիւն, իմաստութիւն, համբերատար ոգի, կրթանուէր ու շինարար առաջնորդի արթնամտութիւն եւ վարչական կարողութիւն, գործերու յատկանիշներ, որոնք երաշխիքը կու տան մեզի իբր կաթողիկոս` բարերար եւ շինարար իր ապագայ գործունէութեան, զինքը դասելու Կիլիկեան աթոռին մեծագործ եւ երախտաշատ հայրապետներու կարգին: Այս յաջող ընտրութիւնը, լաւիմաց եւ հեռատես գործ, պատիւ կը բերէ Կիլիկեան թեմի պատգամաւորական ժողովին յարգարժան ազգայիններուն, Ազգային երեսփոխանական մարմնին ու մանաւանդ Կիլիկեան թեմակալ սրբազաններուն, որոնց կը յամենայ դեռ մաղթանքի սրտաբուխ խօսքը, ուղղուած օծեալ վեհին` երկարելու իր կեանքը` առողջ եւ արդիւնագործ հովուապետութեան, երբ անանց ուրախութիւնը հոգիներէն ներս ընդ երկար պիտի տեւէ եւ ամէն ոք յոյսով եւ ակնկալութեամբ լեցուն պիտի ուզէ տեսնել բաղձալի բարիքը, ամբողջ եւ անանջատ, այս ժողովուրդը իր հոգեւոր եւ ազգային կեանքին մէջ ի խնդիր իր եկեղեցւոյն ու ազգի փառքին ու փրկութեան սուրբ գործին, կը խորհինք որ այսօր օրն է օրերուն` մէկդի դնելու ամէն չարանենգ զէնք ու զրահ, խօսքի ու գործի աւերիչ լեզու, բոլորուելու նոր հովուապետին շուրջ ու անոր շունչին ներքեւ բանալու ակօսը նոր, շինարար, բարգաւաճ եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան, համերաշխութեան, որպէսզի բոլոր բարի ու անկեղծ հոգիներէն աղբերանայ բարիքը Կիլիկեան Աթոռին պայծառութեան, բարգաւաճման ի փառս Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ եւ օրհնեալ հայոց ազգին: Այս զգացումով եւ մօտեցումով պիտի հալի հոգիներէն ներս տարիներէ ի վեր կուտակուած շեղջը սառոյցին, եւ պիտի ջերմանայ հայոց ժողովուրդին զաւակներուն սիրտերը եւ նոր ու կենսագործող գործունէութիւն մը բարի գործերու թափ պիտի առնէ այս զանգուածեղ հայութեան հոգեկան կեանքին մէջ` իբրեւ ուրախութեան նոր առիթ եւ գործելու նոր թափ ու եռանդ տուող զօրութիւն, որուն ի սպաս պիտի դրուին բոլոր բարի տրամադրութիւնները այս ժողովուրդին:
«Սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն» գործելու առիթն է այս նուիրական օրը, իբրեւ հոգեւոր խրախճանքի ու խանդավառութեան օր, ինչպէս նաեւ ուխտի նոր օրը, մեր Ս. եկեղեցւոյն ու նուիրապետական աթոռներու համերաշխութեան, սիրոյ ու միութեան եւ Հայաստանեայց ժողովուրդին սիրով ու խաղաղութեամբ գործակցութեան:
Թող մեր հայրերուն Աստուածը զօրավիգ եւ նեցուկ ըլլայ Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի Աստուածային օգնութեամբ եւ Աոր հզօր Աջովը զօրացած կատարէ բաղձացուած սէրն ու միութիւնը եւ իր ուսերուն դրուած այս ծանր բեռը համբերութեամբ, սիրով, ներողամտութեամբ ու մանաւանդ արդիւնալից յաջողութեամբ ի կատար ածէ` ի փառս Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ եւ ի բարգաւաճումն Կիլիկեան աթոռին»:
Պատարագիչ վեհափառը վերջին անգամ կը յիշատակէ երջանկայիշատակ Տ. Տ. Զարեհ հայրապետին, Ամենայն հայոց հայրապետ Տ. Տ. Վազգէն Ա.ի, Երուսաղէմի պատրիարք Տ. Եղիշէ արքեպիսկոպոսին ու Պոլսոյ պատրիարք Տ. Շնորհք արքեպիսկոպոսին անունները:
«Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն»:
Սարկաւագը առաջին անգամ ըլլալով կը յիշատակէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ. Տ. Խորենայ սրբազնագոյն կաթողիկոսին, որ զպատարագս մատուցանէ…»:
Յաւարտ Ս. պատարագի, նոյն շքեղ ու երկարաձիգ թափօրով եւ ամպհովանիով, վեհը կ՛առաջնորդուի վեհարան: Մայր տաճարի դռնէն դուրս եկած պահուն աղաւնիներ կ՛արձակուին եւ ոչխարներ կը զենուին:
Վեհարանի բարձրադիր սանդխագլխին, վեհը «Պահպանիչ»-ով կ՛օրհնէ ժողովուրդը, որ խելայեղօրէն կը ծափահարէ իր սիրելի վեհափառը:
Վեհարանի դահլիճին մէջ, խօսքը ուղղելով ներկաներուն, կ՛ըսէ.
«Օծման այս բարեբաստիկ հանդիսութեան առթիւ, հաճելի պարտականութիւն կը նկատեմ, շնորհակալութիւններս յայտնել մեր յարգելի պատգամաւորներուն, որոնք իրենց քուէները միաձայնութեամբ վստահեցան ինծի:
«Կ՛օրհնեմ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին եւ անոր նուիրապետական բոլոր աթոռները, Ս. Էջմիածնի նախամեծար աթոռը, անոր գահակալ Տ. Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի առաքելական Ս. աթոռը եւ պատրիարք բարեկամս Տ. Եղիշէ արքեպիսկոպոսը, Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը եւ պատրիարք Տ. Շնորհք արքեպիսկոպոսը, առաջնորդութիւններն ու առաջնորդները եւ հայ ժողովուրդը անխտիր:
«Կ՛օրհնեմ այս գեղեցիկ Լիբանանը: Մեր սիրելի՛ վարչապետը, որ հոս կը գտնուի, մեր սիրելի՛ լուսամիտ եւ լուսապայծառ դէմքով հանրապետութեան նախագահ Ն. Վ. զօր. Ֆուատ Շեհապը, որ իր արդար ընթացքով, խաղաղութեամբ կը կառավարէ այս երկիրը, առանց որեւէ խտրութեան:
«Կեցցէ՛ Լիբանանը, կեցցէ՛ հանրապետութեան նախագահը»:
Այնուհետեւ, գերշ. Տ. Ղեւոնդ Ս. արքեպիսկոպոս, երիցագոյն անդամը Միաբանութեան, հովուապետական ասան կը յանձնէ վեհին ընդհանուր ծափերու մէջ, ըսելով.
Վեհափառ Տէ՛ր,
Այժմ բազմած էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատմական աթոռին վրայ, իբրեւ յաջորդ` շնորհազարդ հայրապետներու, որոնք իրենց մտքի եւ սրտի արժանիքներով փառաւորեցին այս գահը:
Մեր շատ սիրելի հօր` առաքելատիպ Տէր Զարեհ կաթողիկոսին անակնկալ մահը տրտմութեամբ լեցուց մեր սրտերը, սակայն փա՜ռք Ամենակալին որ երեք ամիս վերջ փարատեց մեր վիշտը` արժանաւոր յաջորդի մը ընտրութեամբ: Մեզի ծանօթ են ձերդ վեհափառութեան եկեղեցական, կրթական եւ շինարարական բոլոր գործերը. ո՛ւր որ պաշտօնավարեցիք` խանդավառութիւն ստեղծեցիք: Համոզուած ենք որ նոյն եռանդով եւ խանդով պիտի գործէք նաեւ իբրեւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Գիտենք, ձեր գործունէութեան ընթացքին բազմաթիւ դժուարութիւններ պիտի ունենաք, բայց կը հաւատանք թէ պիտի յաղթէք անոնց:
Մենք այսօր ունինք կորովի միաբանութիւն մը եւ պատուական ժողովուրդ մը, որոնք շրջապատած են ձեզ, ու կը խոստանան հաւատարմօրէն գործակցիլ եւ օժանդակել ձեզի:
Այս խորհրդաւոր պահուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան, ժողովականներուն, պատգամաւորներուն եւ հայ ժողովուրդին կը յանձնեմ ձեզի հայրապետական Ասան` իբրեւ նուիրական աւանդ, եւ կ՛աղօթեմ որ Աստուած ձերդ վեհափառութեան շնորհէ առողջութիւն, կարողութիւն եւ համբերութիւն, յաջողութեամբ պսակելու համար ձեր բոլոր ծրագիրները, եւ առաջնորդելու համար հայ ժողովուրդը անխտիր, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, դէպի բարին ու գեղեցիկը:
Կ՛աղօթեմ որ Աստուած անսասան պահէ հայ առաքելական Ս. եկեղեցին եւ իր նուիրապետական աթոռները:
Ի վերջոյ, բարձրախօսին առջեւ, խօսք կ՛առնէ վարչապետ Քարամէ, որ յանուն հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան եւ համայն ժողովուրդին, կ՛ողջունէ վեհափառին գահակալութիւնը եւ օծումը ըսելով.-
«Այս արարողութեան առթիւ, ուր պատիւն ունիմ ներկայացնելու նորին վսեմութիւն հանրապետութեան նախագահը, եւ ողորմածութեան, եղբայրութեան ու համերաշխութեան ոգիով տոգորուն այս մթնոլորտին մէջ, Ն. Ս. Խորէն Ա.ի եւ հայ համայնքին կը ներկայացնեմ իմ լաւագոյն մաղթանքներս եւ անկեղծ զգացումներս` համայնքին մեծութեան եւ բարօրութեան համար: Բոլորս կ՛ուրախանանք, երբ համայնք մը կը վայելէ բարօրութիւն եւ երջանկութիւն, որովհետեւ բոլորս կը կազմենք մէկ ընտանիք նո՛յն հայրենիքին գիրկը:
«Լիբանան, որ հայրենիքն է իր բոլոր զաւակներուն, Լիբանան, որ կերտուած է սիրոյ եւ հանդուրժողութեան վրայ, հպարտ է աստուածային այն բարեհաճութեամբ, որ զայն դարձուցած է առաքեալներու օրրանը եւ կրօնքներու աղբիւրը:
«Լիբանան, որ այսօր կ՛ապրի ազգային միութեան այս մթնոլորտին մէջ, շնորհիւ իր պետին իմաստութեան, արդարադատութեան եւ ուղղամտութեան, եւ որ վստահ է իր ներկային ու ապագային հանդէպ, ու գիտութեան եւ յառաջդիմութեան վրայ հիմնուած իր քաղաքականութեան, այս Լիբանանը, զոր կը վարէ նախագահ Շեհապ, միշտ առաջ պիտի ընթանայ մեծութեան եւ գերիշխանութեան ճամբուն վրայ»:
Վարչապետին խօսքերը կ՛ընդմիջուին խելայեղ ծափահարութիւններով:
Վեհափառը կը պատասխանէ վսեմաշուք վարչապետի սրտագին խօսքերուն, կրկնելով իր մաղթանքները:
Երգչախումբը կ՛երգէ լիբանանեան քայլերգը քառաձայն եւ «Երբ որ բացուին» երգը:
Այնուհետեւ, ներկաները կը հիւրասիրուին շամբանիայով եւ փոխադարձ մաղթանքներ կ՛ըլլան:
Հիւրերու մեկնումէն ետք, ժողովուրդը կը բարձրանայ վեհարան եւ կարգաւ կը համբուրէ վեհին աջը:
Վեհափառի կնքահայրերն էին Ճորճ Մարտիկեան, Խաչիկ Պապիկեան, Եղիշէ Մելիքեան եւ Միհրան Կիւզելեան:

