Ռոնալտինիօ Դարձաւ Ազատ Մարզիկ Մը

ronaldinho_22004-ին եւ 2005-ին աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացած պրազիլցի Ռոնալտինիօ ստացաւ ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ` նկատի ունենալով, որ անոր ստորագրած պայմանագիրը աւարտեցաւ Աթլեթիքօ Մինէյրոյի հետ` 31 դեկտեմբեր 2013-ին:

Ան փափաք յայտնած է միանալու թրքական Պեշիքթաշին: Սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ թրքական խումբը ի վիճակի՞ է արդեօք պրազիլցիին այդքան բարձր աշխատավարձ վճարել…

Նշենք, որ Ռոնալտինիօ 2013-ին ճանչուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի սահմանագօտիին լաւագոյն ֆութպոլիստը:

Share this Article
CATEGORIES