Մեսսի Աշխատավարձը Պիտի Բարձրանայ. Արժանթինցին Պիտի Գանձէ Ռոնալտոյի Նման

messiFootball Espana կայքէջին համաձայն, Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի սկզբունքային համաձայնութեան եկած է քաթալոնիական ակումբին հետ իր նոր` բարելաւուած պայմաններով աշխատանքային համաձայնագիրին հարցով:

ArmSport.am կը յայտնէ, որ արժանթինցին նոր պայմանագիրով տարեկան պիտի ստանայ 21 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, այսինքն` նոյնքան գումար, որքան Ռէալ Մատրիտի հետ տարուան մը ընթացքին կը վաստկի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:

Կը նշուի նաեւ, որ Մեսսիի հետ նոր պայմանագիրի ժամկէտը հաշուի առնուած է մինչեւ 2018:

 

Share this Article
CATEGORIES