Ղազիրի Գորգին Հետքերով
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Նախագահ Քելվին Քուլիճ եւ գորգ մը
Քանի մը շաբաթներէ ի վեր «Ղազիրի գորգ»-ը արդարացիօրէն մեծ աղմուկ բարձրացուց միջազգային բեմին վրայ: Այդ մէկը կատարուեցաւ, երբ տոքթ. Յակոբ Մարթին Տէրանեանի անգլերէնով լոյս տեսած «Նախագահ Քելվին Քուլիճ եւ հայ որբերու գորգը» («President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug») գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Արլինկթընի Հայ մշակութային կեդրոնին (Մեսեչուսեց) մէջ:
Լսած էինք, որ «Ղազիրի գորգ»-ը, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու նախագահական նստավայրի պահեստանոցներուն մէջ, պիտի ցուցադրուէր գիրքին ներկայացման առիթով, սակայն այդ մէկը տեղի չէ ունեցած ամերիկեան իշխանութիւններու արգելք-որոշումով:
Այս նախաբանէս ետք կ՛ուզեմ հայ թէ օտար հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել «Ղազիրի գորգ»-ին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, որոնց, տեղեկանալու բախտը ունեցայ պատեհ առիթով մը:
24 ապրիլ 2013-ին գրած էի յօդուած մը «Հայոց ցեղասպանութեան հայ որբերը եւ հայ որբաշխարհը» խորագիրով, որ հրատարակուեցաւ սփիւռքի զանազան թերթերու մէջ, ներառեալ` Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» թերթին:
Այդ յօդուածին մէջ անդրադարձած էի «Ղազիրի գորգ»-ին պատմութեան, այսինքն` Ղազիրի որբանոցին, հայ որբերուն եւ գորգին պատրաստութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն: Յօդուածիս հրատարակութենէն քանի մը օրեր ետք, Լոս Անճելըսէն յարգելի պրն. Պետրոս Ալահայտոյեան կը գրէ. «Սիրելի՛ տոքթոր Հարպոյեան, «Ասպարէզ»-ին մէջ կարդացի ցաւատանջ ձեր երկար եւ հոգեմաշ գրութիւնը: Ձեզի կը բարեւէ հին-հին ձեր դասընկերներէն մին` Հալէպի Ալեփփօ քոլեճէն, վեր. Հապիպ Ալաճաճի: Հապիպը իմ աներձագս կ՛ըլլայ` կնոջս եղբայրը: Հապիպին յանձնեցի «Ասպարէզ»-ի ապրիլ 24-ի բացառիկը, որպէսզի կարդայ ձեր գրութիւնը հայ որբերու-որբանոցներու մասին: Հապիպին յատկապէս կը հետաքրքրէր Լիբանանի Ղազիրի որբանոցի մասին ձեր ըսածները` տրուած ըլլալով, որ Հապիպին մայրը, Խոսրոֆեան Նարդուհի, Բալուէն, «փափա» Քիւնցլերի Ղազիր հաստատուած գորգի աշխատաւորուհիներէն եղած է եւ նախագահ Քելվինի նուիրուած գորգին պատրաստութեան մասնակցած: Հապիպ ինձմէ խնդրեց, որ իր կողմէ ձեզի իր բարեւները ուղարկեմ: Նաեւ ինձմէ խնդրեց ձեր ե-նամակի հասցէն, զոր տուի անոր»:
Յաջորդ օր վեր. Հապիպ Ալաճաճի գրեց հետեւեալը. «Սիրելի՛ հին բարեկամ եւ դասընկեր բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, այո՛, մայրս` Նարդուհի Խոսրոֆեան, Ղազիրի որբերէն մէկը եղած է եւ «Ղազիրի գորգ»-ը աշխատողներէն մէկը: Ան շարունակ կը յիշէր Ղազիրի որբանոցի օրերը եւ հպարտութեամբ կը խօսէր «Ղազիրի գորգ»-ի պատրաստութեան մասին»:

Նարդուհիի Ղազիրի որբանոցի հաստատագիրը
Հապիպ Ալաճաճի դասընկերս եղած էր Հալէպի Ալեփփօ քոլեճին մէջ` 1953-1958: Այդ թուականէն ասդին` ամբողջ 55 տարիներ, ո՛չ տեսած էի զինք, եւ ոչ ալ լսած էի իրմէ: Ահա այսպէս հասարակաց «Ղազիրի գորգ»-ը կը միացնէ մեզ եւ կը հաղորդակցինք:
Վերոյիշեալ շատ կարեւոր պատմական իրողութիւններուն իրազեկ ըլլալէ ետք ուզեցի յաւելեալ եւ մանրամասնեալ տեղեկութիւններ ունենալ Նարդուհի Խոսրոֆեանին մասին: Ուստի, այս մասին գրեցի վերապատուելի Հապիպին եւ իր քրոջ` տիկին Վիոլէթ Ալահայտոյեանին` խնդրելով, որ պատասխանեն հարցումներուս: Անոնք սիրայօժար կերպով պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցելու եւ տրամադրելու այլ տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ: Վիոլէթ Ալահայտոյեան ներընտանեկան հանդիպումներէ ետք իր հաւաքած լուսանկարները եւ տեղեկութիւնները փոխանցեց ինծի:

Նարդուհին իր մահէն քանի մը տարի առաջ
Ուրեմն, Նարդուհի Խոսրոֆեան ծնած է 1915-ին, Սղամ, որ եղած է Բալուի գիւղերէն մէկը: Նարդուհին բախտը չէ ունեցած տեսնելու իր հայրը` Գասպար Խոսրոֆեանը, որովհետեւ ան սպաննուած է Նարդուհիի ծնունդէն առաջ: Գասպար Խոսրոֆեան եղած է մտաւորական եւ որպէս ուսուցիչ գործած է Սղամի մէջ: Նարդուհիին մայրը` Զարդարը, խնամած է իր զաւակները Սղամի մէջ` իր ամուսնոյն սպանութենէն ետք` աշխատելով հայ ընտանիքներու մօտ որպէս օգնական:
Գասպար եւ Զարդար ամոլը Սղամի մէջ բախտաւորուած է երեք աղջիկ եւ երկու մանչ զաւակներով: Նարդուհիին քոյրերն էին` Մարիամը եւ Խաթունը: Նարդուհին անոնց կրտսերագոյնն էր: Նարդուհիին մեծ եղբայրը Սղամի մէջ կ՛ամուսնանայ տեղահանութենէն առաջ: Ան շուտով առանձինն կը մեկնի Ամերիկա եւ չի կրնար վերադառնալ Սղամ: Հետեւաբար, անոր կողակիցը կը մնայ առանձին եւ ազատելէ ետք Ցեղասպանութեան ճիրաններէն կը հասնի Հալէպ ու կ՛ապրի այնտեղ: Նարդուհիին կրտսեր եղբայրը տեղահանութեան առաջին օրերուն` պատանի տարիքին, կ՛անյայտանայ:
Կը պատմուի, որ այդ օրերուն Սղամի կիներն ու աղջիկները տեղւոյն եկեղեցիին մէջ կը տեղաւորուին, իսկ Նարդուհիի կրտսեր եղբայրը կը մնայ առանձին, որովհետեւ թուրք զինուորները արգելք կը հանդիսանան անոր իր մօր եւ քոյրերուն միանալու: Այս ձեւով անոր հետքը կորսուած կը մնայ մինչեւ այսօր: Երեք քոյրերուն տարիքով ամէնէն մեծը պարմանուհի Մարիամն էր, իսկ Խաթունը` միջնեկը, որ Նարդուհիէն 6 տարի մեծ էր:
Գաղթականութեան սկզբնաւորութեան Զարդար, իր երեք աղջիկ զաւակներուն հետ` Մարիամի, Խաթունի եւ Նարդուհիի, հազարաւոր հայ գաղթականներու հետ կ՛ուղղուի Խարբերդ: Զարդար` գրկած իր քանի մը ամսական մանուկ Նարդուհին եւ պաշտպանելով Մարիամն ու Խաթունը, կը քալէ օրերով: Սակայն Զարդար կը յոգնի եւ ուժասպառ` չի կրնար շարունակել իր գողգոթան: Ան պարտադրաբար մանուկ Նարդուհին կը լքէ ծառի մը ճիւղերուն տակ եւ խելակորոյս կը շարունակէ քալել իր միւս երկու աղջիկներուն հետ: Վեց տարեկան Խաթուն կ՛անդրադառնայ իր քրոջ` Նարդուհիին բացակայութեան: Իմանալէ ետք եղելութիւնը, կը մերժէ շարունակել ճանապարհը առանց Նարդուհիի:
Խաթուն կ՛աղաչէ, կը պաղատի մօրը, որ ետ դառնան եւ գտնեն Նարդուհին: Մայրը եւ երկու դուստրերը գաղտնօրէն կը բաժնուին գաղթականներու խումբէն եւ կ՛ուղղուին դէպի այն ծառը, ուր լքուած էր Նարդուհին: Զարդար հեծկլտալով կը շալկէ տակաւին ողջ մանուկ Նարդուհին, եւ ընտանեօք կը միանան խումբին ու վերջապէս կը հասնին Խարբերդ:
Խարբերդէն ետք, գաղթական խումբերու հետ երկար եւ տաժանակիր ճամբորդութիւններէ ետք կը հասնին Հալէպ:
Զարդար, բոլոր հայ գաղթականներուն նման, իր երեք անհայր զաւակներուն հոգատարութեան նուիրեալ մայր կը դառնայ: Այդ դժուար օրերուն Նարդուհիին մեծ քոյրը` Մարիամը, 1920-ին կը հասնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Նիւ Եորք (ինչպէ՞ս` անորոշ է), ուր կ՛ապրի երկար տարիներ մինչեւ իր մահը:
Նարդուհի եօթը տարեկան հասակին կը ղրկուի Լիբանան` Մերձաւոր Արեւելքի խնամատարութեան միջոցաւ, այդ կազմակերպութեան հաստատած որբանոցը, նախ` Սայտա, ապա Ղազիր: Ան այս որբանոցին մէջ կը մնայ երեքուկէս տարի` 1922-ի սկիզբէն մինչեւ 6 մայիս 1925: Ան կը վայելէ որբանոցին բարիքները եւ կը սորվի գորգագործութիւն: 1924-1925 կը մասնակցի պատրաստութեան այն պատմական գորգին, որ նուէր պիտի տրուէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին:
Նարդուհի կը վերադառնայ Հալէպ` իր ծնողքին փափաքով, եւ իրեն կը տրուի հաստատագիր մը` ստորագրուած Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Եագոպ Քիւնցլերի կողմէ: Ան կը միանայ իր մօր եւ Խաթուն քրոջ, Հալէպի մէջ: Քանի մը տարի ետք երկու քոյրերը կ՛աշխատին Հալէպի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ որպէս օգնական բուժքոյր` իրենց վերակացու բուժքոյր ունենալով Լուսընթագ Չորպաճեանը, որ շատ հաւանաբար պէյրութաբնակ բժիշկ Ռոբոֆդ Չորպաճեանին մայրն էր:
Նարդուհի եւ Խաթուն քոյրեր Հալէպի մէջ յաճախ կ՛այցելեն իրենց եղբօր կնոջ, որ իրենց նման արդէն հաստատուած էր Հալէպ:

Նարդուհին` աջ կողմի աղջիկը
Նարդուհի Հալէպի մէջ կ՛ամուսնանայ ուրֆացի Պասիլ Ալաճաճիի հետ 8 հոկտեմբեր 1936-ին: Պասիլ եւ Նարդուհի Ալաճաճի ամոլը Հալէպի մէջ կը բախտաւորուի մէկ մանչ եւ չորս աղջիկ զաւակներով` Հապիպ, Մարի, Սելա, Վիոլէթ եւ Ռոզիկ:
Նարդուհի իր ամուսնոյն եւ զաւակներուն հետ կը ձգէ Հալէպը 1960-ին եւ կը հաստատուի Պէյրութ, Լիբանան:
Պասիլ վարպետ ատաղձագործ էր թէ՛ Հալէպի, եւ թէ Պէյրութի մէջ: Ան կը գործէ Պէյրութի մէջ մինչեւ իր մահը` 1981:
Նարդուհիի հինգ զաւակները`
1.- Հապիպ` Նարդուհիին առաջին զաւակը, կը հաստատուի Լոս Անճելըս 1979-ին: Ան կը ծառայէ ամբողջ 25 տարիներ որպէս հովիւ Կլենտէյլի Հայ աւետարանական Նազարին եկեղեցւոյ:
2.- Մարի` կը հաստատուի Քալիֆորնիա 1978-ին: Ամուսնացած է Տոքթորեանին հետ:
3.- Սելա` կը հաստատուի Վալանս, Ֆրանսա 1976ին. ամուսնացած է Տապպոյի հետ:
4.- Վիոլէթ` հաստատուած է Լոս Անճելըս 1983-ին: Ամուսնացած է Պետրոս Ալահայտոյեանին հետ: Մասնագիտութեամբ եղած է ընկերային ծառայող եւ գործած առողջապահական հաստատութիւններու մէջ:
5.- Ռոզիկ` հաստատուած է Վալանս, Ֆրանսա 1971-ին: Ամուսնացած է Քննապեանին հետ:
Նարդուհի իր ամուսնոյն մահէն ետք կը գաղթէ Ամերիկա եւ կը հաստատուի Լոս Անճելըս, Կլենտէյլ 1982-ին: Ան կը մահանայ 1988-ին, Կլենտէյլի մէջ:
Նարդուհիի մեծ քոյրը` Խաթունը, Հալէպը ձգելով նախ կը հաստատուի Պէյրութ, ապա կը գաղթէ Ամերիկա ու կը հաստատուի Նիւ Ճըրզի, ուր ալ կը մահանայ:
Պասիլ եւ Նարդուհի ամոլը եւ իրենց զաւակները բոլորն ալ եղած են գործօն անդամներ հայ աւետարանական համայնքին մէջ: Նարդուհի եւ Պասիլ եղած են նուիրեալ եւ հաւատաւոր քրիստոնեաներ:
Նարդուհին ունեցած է երեք հօրեղբայրներ` Մելքոն, Պաղտասար եւ Յովհաննէս:
Նարդուհին յաճախ պատմած է իր զաւակներուն «Ղազիրի գորգ»-ին, Մերձաւոր Արեւելքի խնամատարութեան կատարած մարդասիրական եւ հոգատար անզուգական գործին, որբանոցին մէջ որբուհի ընկերներու եւ մանաւանդ որբանոցի տնօրէն մեծ ծառայասէր եւ հայասէր Եագոպ Քիւնցլերի մասին:
Ուրեմն, վերադառնալով «Ղազիրի գորգ»-ին, պէտք է արձանագրենք հետեւեալ իրողութիւնները.

Ղազիրի որբանոցի հայ աղջիկները
Հայոց ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք մօտաւորապէս 40 հայ գաղթական ընտանիքներ կը հաստատուին Լեռնալիբանանի Ղազիր գիւղաքաղաքը: Այդ ժամանակամիջոցին Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցը Ղազիրի մէջ կը հաստատէ որբանոց մը ու կը խնամէ 400 հայ որբեր, որոնց մեծ մասը կու գար Լիբանանի եւ Սուրիոյ զանազան որբանոցներէ: Որբանոցի կողքին նպաստամատոյցը կը հաստատէ նաեւ հայ դեռատի աղջիկներու գորգագործարան մը, ուր կ՛աշխատին շուրջ 100 հայ որբ աղջիկներ: Այս որբանոցը եւ գորգագործարանը կը գործեն տոքթ. Եագոպ Քիւնցլերի տնօրէնութեամբ եւ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի հսկողութեամբ:
Քիւնցլերի հսկողութեամբ որբանոցի գորգագործարանի հայ որբերը 18 ամիսներու ընթացքին (1924-1925) կը հիւսեն 18.5 ոտք երկարութեամբ եւ 11.5 ոտք լայնքով գորգ մը, որ 4 դեկտեմբեր 1925-ին կը նուիրուի Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Քելվին Քուլիճին` որպէս երախտագիտութիւն «Հայոց ցեղասպանութեան հայ որբաշխարհի որբերուն» կողմէ Ամերիկայի ժողովուրդին ցուցաբերած օգնութեան համար, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք: Գորգին ետեւը ձեռագիր գրուած է` «In Golden Rule Gratitude to President Coolidge»: Այս գորգը հիւսուած է մօտաւորապէս 4,400,000 հանգոյցներով, նկարազարդուած է զանազան կենդանիներու պատկերներով եւ կը ներկայացնէ Սուրբ գիրքի Ադամի պարտէզը:
Նախագահ Քուլիճ գորգը կը զետեղէ նախագահական պալատի Կապոյտ սենեակին մէջ մինչեւ 1928, իսկ իր նախագահութեան շրջանէն ետք իր տան մէջ կը պահէ: Իր մահէն ետք գորգը կը մնայ իր ընտանիքին մօտ մինչեւ 1983, երբ գորգը կը վերադարձուի ամերիկեան պետութեան եւ կը զետեղուի պետական շտեմարանին մէջ:
Պարտք կը զգամ քանի մը տողով խօսիլ Եագոպ Քիւնցլերի մասին:

Ղազիրի որբերը
Եագոպ Քիւնցլեր ծնած է Զուիցերիա, 1871-ին: Ան կը գործուղուի Ուրֆայի Գերմանական հիւանդանոց` «Deusche Orient Mission», մեծանուն տոքթ. Եոհանս Լեփսիուսի կողմէ, 1899-ին: Կ՛ամուսնանայ Էլիզապէթ Պենտերի հետ 1905-ին: Տէր եւ տիկին Քիւնցլեր Ուրֆայի մէջ օգնութեան կը հասնին հարիւրաւոր հայ որբերու եւ հիւանդներու մինչեւ 1922: Անոնք կ՛անուանուին «փափա Քիւնցլեր» եւ «մամա Էլիզապէթ»: Անոնք ականատես կ՛ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հանգրուաններու քստմնելի ոճրագործութիւններուն եւ բարբարոսութիւններուն: Քիւնցլեր շուտով կը սորվի տեղական լեզուները, մասնաւորապէս` հայերէնը: Իր ջանքերով Թուրքիայէն` Խարբերդէն, Մալաթիայէն եւ այլ շրջաններէ, 9000 հայ որբեր կը փոխադրուին Սուրիա եւ Լիբանան: Առաջին հերթին ան կը փոխադրէ Խարբերդի 5000 որբերը 20 օրերու ընթացքին, 130 կառքերով եւ 200 ձիերով, ջորիներով ու էշերով: Իւրաքանչիւր կառքի մինչեւ Ճարապլոս հասնելու համար 20 օրերու համար կը վճարէ 400 ֆրանք փոխադրավարձք: Եագոպ Քիւնցլեր կը գործէ Լիբանանի մէջ մինչեւ 1949` շարունակելով իր բարեսիրական նուիրեալ գործը, մասնաւորաբար` հայ որբերու խնամատարութեամբ եւ դաստիարակութեամբ: Ան իր անսակարկ օժանդակութիւնը կը բերէ Լիբանանի Ազունիէի հայկական թոքախտանոց-հիւանդանոցի թոքախտաւոր հիւանդներուն: Իր ջանքերով 1924-ին Ղազիրի որբանոցի կողքին կը հաստատուի որբանոց-կուրանոց մը, ուր կը տեղադրուին մօտ 150 կոյր որբեր, եւ անոնց կը տրուի բժշկական խնամք եւ ամբողջական հոգատարութիւն:

Եագոպ Քիւնցլեր հայ որբերու հետ
Լիբանանեան կառավարութիւնը 1926-ին Քիւնցլերի կը շնորհէ «Լիբանանի պատուոյ շքանշան»-ը իր տարած մարդասիրական ծառայութիւններուն համար: Իսկ լիբանանահայութիւնը զայն կը մեծարէ 19 մայիս 1939-ին յատուկ ձեռնարկով մը եւ իր յարգանքի, երախտագիտութեան ու շնորհակալական արտայայտութիւնը կը յայտնէ, մասնաւորապէս անոր երկարամեայ աշխատանքին եւ հայ որբերուն մատուցած հոգատարութեան համար: Ձեռնարկի աւարտին ան կ՛ըսէ. «Որոշեցի ծառայել այդ ժողովուրդին` անկեղծ եղբօր մը նման. եւ այդ օրէն ի վեր, կը հաւատամ, որ բոլոր բարբարոսական միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուին քանդելու եւ ջարդելու համար հայ ժողովուրդը` ձախողած են եւ դատապարտուած են ձախողութեան»:
Յատկանշական է իր հրատարակած «Արեան եւ արցունքի երկիրին մէջ» հատորը, ուր կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան իր ականատեսի վկայութիւններուն մասին: Եագոպ Քիւնցլեր կը մահանայ 5 յունուար 1949-ին, Պէյրութ, եւ այնտեղ ալ կը թաղուի:
Ահաւասիկ իր վերջին խօսքերէն մէկը. «Ես եւ տիկինս ի սրտէ կը մաղթենք հայ ժողովուրդին Աստուծոյ օրհնութիւնը, որպէսզի անիկա կարենայ անվտանգ անցնիլ տակաւին գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններու մէջէն ու հասնիլ լաւագոյն օրերու»:

