Թէօ Ուալքոթի Համար Այս Տարեշրջանը Աւարտեցաւ
Արսենալի յառաջապահ Թէօ Ուալքոթ, որ նախորդ շաբաթավերջին Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, այս տարեշրջանին անգամ մըն ալ պիտի չտեսնուի դաշտերուն վրայ:
Թէեւ Արսենալ «Էմիրէյթց Սթատիում»-ի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն Թէոյի համար այս ընթացիկ տարեշրջանը, ինչպէս նաեւ 2014-ի Մոնտիալը աւարտեցաւ:
Ուալքոթ, որ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, վեց ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
Արսենալէն բացի, անոր բացակայութիւնը կրնայ իր վատ անդրադարձը ունենալ նաեւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին վրայ, որ պիտի սկսի իր 25 տարեկան մարզիկին փոխարինող մը փնտռելու:
CATEGORIES Մարզական

