Քաքայի 100-րդ Կոլը` Ա. Սէ. Միլանի Հետ

kakaԱ. Սէ. Միլանի միջնապահ Քաքա, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին, Աթալանթայի դէմ կատարուած մրցումին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:

Այս կոլը 31 տարեկան պրազիլցիին համար Ա. Սէ. Միլանի հետ եղաւ 100-րդ կոլը: Իր այս կոլը տօնելու ընթացքին ան իր համակիրներուն ցոյց տուաւ իր շապիկը, որուն վրայ գրուած էր 100 թուանշանը:

Ան իր կազմին հետ իր առաջին կոլը նշանակեց հոկտեմբեր 2003-ին` Ինթեր Միլանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES