Ֆերտինանտ Քանի Մը Շաբաթ Կրնայ Բացակայիլ Դաշտերէն
Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ, որ նախորդ շաբաթավերջին Սուանզի Սիթիի դէմ կատարուած մրցումին (Անգլիոյ բաժակ) վնասուածք մը ստացաւ, ըստ անգլիական մամուլին, քանի մը շաբաթ կրնայ բացակայիլ դաշտերէն:
Նշենք, որ մէկ ամսուան ընդմիջումէ ետք ան վերոնշեալ մրցումին վերադարձած էր ֆութպոլի դաշտերը:
CATEGORIES Մարզական

