ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՏԻԱՐ»
– Լրատուութիւն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Լիուա», «Անուար», «Սաֆիր», «Պայրաք», «Սատա Պալատ» եւ «Նահար» օրաթերթերը):
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ` պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի Այնճար կատարած այցելութեան եւ այդտեղ անոր արժանացած ժողովրդային եւ պաշտօնական ընդունելութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
– Վերլուծական յօդուած, որուն մէջ հարց կը տրուի, թէ արդեօք Թուրքիա կը պատրաստուի՞ զինուորապէս Սուրիա ներխուժել:
«ԱԽՊԱՐ»
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն յուսախաբութեան` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կատարած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Նահար», «Տիար», «Մուսթաքպալ», «Շարք» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):