«ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՃԱՌ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱՆՈՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼՈՒ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական ապակայունութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի տնտեսական կացութեան վրայ:

Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը բարելաւուի, յատկապէս նախագահ Պաշշար Ասատի արտասանած ճառէն ետք:

Նախարար Մանճեան շեշտեց, որ ներկայ կառավարութիւնը պէտք է բոլորին փաստէ, որ ինք ամբողջ Լիբանանին համար պիտի գործէ եւ ոչ ոքի դէմ աշխատելու տրամադրութիւն ունի:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան միասնական աշխատանքը պարզապէս կարգախօս մը չէ, այլ` լուրջ նպատակ, որ քաղաքացիներուն համար շօշափելի պիտի ըլլայ` կառավարութեան գործունէութեան ընդմէջէն:

«Մենք աշխատելու տրամադրութիւն ունինք, իսկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը կոչեց բոլոր լիբանանցիներուն կառավարութիւնը: Իսկ ընդդիմութեան կողմէ կառավարութեան աշխատանքին հսկողութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ կառավարութիւնը յաւելեալ աշխուժութեամբ գործէ», ըսաւ Մանճեան:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի իրադարձութիւններուն` նախարար Մանճեան շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան կողմէ Թրիփոլին զինաթափելու որոշում տրուի եւ Թրիփոլիի բնակիչներուն մօտ ապազինուելու կամքը ըլլայ, ապա դիւրաւ կարելի է այդ մէկը կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES