ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ – ԱՖՐԱՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նաամաթ Աֆրամ եւ նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ճարտարարուեստի մարզը յուզող հարցերը:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին հարցերուն, ճարտարարուեստի մարզը պահպանած է իր բարգաւաճումը եւ Լիբանանի տնտեսական քարտէսին վրայ կրցած է գրաւել կարեւոր դիրք:

Նախարար Սապունճեան կոչ ուղղեց ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն շարունակելու գործակցութիւնը եւ օժանդակելու յանգելու համար նոր որոշումներու, որոնք կ՛արդիականացնեն ճարտարարուեստի մարզը:

«Մեզի հմտութիւնը, ստեղծագործելու կարողութիւնը, անձնական նախաձեռնութիւնը կամ դրամագլուխները չեն պակսիր, սակայն պէտք է զանոնք աշխատանքի լծել եւ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին առջեւ նոր ապագայի մը դռները բանալ», ըսաւ Վ. Սապունճեան:

Իր կարգին, Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ իրենք լաւ կը զգան, որովհետեւ նախարարը իրաւական եւ գործնական գետնի վրայ կը հասկնայ իրենց դիմագրաւած հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES