«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՈՉ ՈՔԻ ԴԷՄ ՊԻՏԻ ՈՒՂՂՈՒԻ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրը ոչ ոքի դէմ ուղղուած պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին արդարութիւնը բանեցնել, սակայն կը մերժեն կեղծիքը եւ նախապէս տրուած որոշումները, որոնք միջազգային օրէնքին հետ կը հակադրուին:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ հաշիւները մաքրելու, վրիժառութեան եւ այլ որակումներ ու ծածկանուններ արձակող կողմերը կարծէք մեզի չեն ճանչնար` աւելցնելով, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն կողմէ իրենց դէմ յարձակողական կեցուածքները անտեղի են եւ կը փաստեն, որ ոմանք մեծ յանցանքներ գործած են եւ կրնան պատասխանատուութեան կանչուիլ անոնց համար:

Զօր. Աուն մաղթեց, որ քաղաքական հակառակորդ կողմերը աւելի քաղաքավար ըլլան իրենց կեցուածքներուն մէջ, եւ կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքին կարդալու նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կողմէ վարչապետարանին դրան վրայ փորագրուած Քորանի այն մէջբերումը, որ կ՛ըսէ. «Եթէ ուրիշին մնար, քեզի չէր վերադառնար»:

Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի զինեալ բախումները` շեշտելով, որ անոնք ծրագրուած էին, սակայն բարեբախտաբար կարելի եղաւ շուտով հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES